2017-06-16 13:39:00

Վանականութիւն (ԼԸ)


Նախորդ հաղորդումներուն մէջ լայնօրէն անդրադարձանք վանքերու կամ վանական հաստատութիւններու կատարուած առատաձեռն նուիրատուութիւններուն։ Յիշեցինք 13րդ դարու պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի տուած տեղեկութիւնները վանքերու հիմնարկութիւններու մասին։ Այնտեղ տեսանք, թէ ինչպէս իշխանաւորներ եւ ունեւոր անհատներ առատաձեռն նուիրատուութիւններով նեցուկ կանգնած են վանական հաստատութիւններուն։ Որոշ պատմաբաններու մօտ կատարուած են քննադատութիւններ այս հարցի նկատմամբ, ուր նուիրատուութիւնները նկատուած են պարզապէս իբր Հայաստանի աւատական կառոյցի ծիրէն ներս ինկող գործունէութիւն, կամ կալուածատէրերու եւ իշխանաւորներու ստացուածքներու եւ գոյքերու անձեռմխելիութիւն տալու միջոցներ, կամ ալ իբր վախի արդիւնք։ Չէ կարելի ուրանալ թէ քրիստոնէութեան երկու հազար տարուան պատմութեան մէջ որոշ անհատներ հետապնդած են նաեւ շահադիտական նպատակներ։ Որոշ աշխարհականներ, եկեղեցական անձնաւորութիւններ կամ հոգեւորականներ, կատարած են չարաշահումներ՝ նոյնիսկ բարեպաշտ գործերը ծառայեցնելով իրենց անձնական նպատակներուն։ Սակայն այդ պարագաները չէ կարելի ընդհանրացնել եւ հաստատել՝ թէ եկեղեցական հաստատութիւններու կատարուած նուիրատուութիւնները ամբողջութեամբ միջին դարու աւատատիրական կառոյցի եւ կամ ժողովուրդի վախի հետեւանքն են։ Կրօնքներու մէջ միշտ վտանգ կը սպառնայ որ հեղինակաւոր մարդիկ չարաշահեն իրենց դիրքը՝ վախ ազդելով հաւատացողներուն։ Սակայն այս չի նշանակեր, թէ կրնանք ուրանալ որեւէ բարեպաշտութեան գոյութիւնը՝ հաւատացեալ ժողողովուրդի մօտ։ Սխալ է բարեպաշտութիւնը վերագրել վախի եւ յետմահու անորոշութեան սարսափի հետեւանք։

Ճիշտ է, որ եկեղեցիներ եւ վանքեր դարերու ընթացքին ստացած են բազմաթիւ նուիրատուութիւններ։ Անկարելի է սակայն ուրանալ քրիստոնէական եկեղեցիներու, եւ մեր պարագային հայ Եկեղեցւոյ 17 դարերու կատարած դերը՝ ոչ միայն հաւատքի բնագաւառէն ներս, այլ եւ ազգային, մշակութեային եւ ընկերային մարզերէն ներս։ Եկեղեցիներու եւ վանքերու բաժին ինկած հարստութենէն օգտուած է նաեւ ժողովուրդը եւ մշակոյթը։ Եկեղեցական հաստատութիւններու պատկանող անձեր կամ հոգեւորականներ կազմաւուրմ ստացած են ըլլա՛յ Հայաստանի ըլլա՛յ արտասահմանի մէջ։ Շատերու կազմաւորումը եղած է բարձր մակարդակի վրայ (յիշենք Ներսէս Պարթեւ Հայրապետ, կամ մեր առաջին թարգմանիչները)։ Անոնք, իրենց կազմաւորումի, պատրաստութեան եւ առաւելապէս անշահախնդիր նուիրումի շնորհիւ կարողացած են կատարել մեծ բարենորոգումներ եւ մեծ նպաստ բերել շատ մը մարզերու վրայ։

Հայ եկեղեցին իր կազմակերպումի արդէն առաջին շրջանին սկսած է բարեսիրական կամ մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալել։ Յիշենք Ներսէս Պարթեւի կատարած բարենորոգումները։ Այս աւանդութիւնը շարունակած է Եկեղեցին՝ հասնցնելով իր մարդասիրական գործունէութիւնը մինչեւ մեր օրերը։ Հայ Եկեղեցւոյ ծոցէն բխած է հայերէն այբուբենի գիւտը։ Թէեւ Հայաստանը ունէր հզօր պետութիւն, եւ գիրերու գիւտի աշխատանքը կատարուած է Հայոց Թագաւորի աջակցութեամբ, սակայն արժանիքի մեծ մասը կը մնայ հոգեւորական դասին։ Յիշենք Հայոց վանական հաստատութիւններու գիւղատնտեսական գործունէութիւնը։ Անոնք շատ անգամ եղած են ժողովուրդի դաստիարակները կազմակերպելով գիւղատնտեսական ծաւալուն գործունէութիւն։ Յիշենք հայ ճարտարապետութեան զարգացումը, որուն նպաստած է եկեղեցիներու եւ  վանական համալիրներու կառուցումը։ Յիշենք մեզի հասած մատենագրութիւնը կամ հին գրականութիւնը, որ անկարելի պիտի ըլլար առանց վանքերու եւ նուիրեալ վանականներու։

Հետեւաբար, վանքերու կատարուած նուիրատուութիւնները չեն եղած ապարդիւն։ Անոնք բազմապատիկ կերպով պտղաբերած են, զարգացուցած են հայ ժողովուրդի մշակոյթը Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս։

Լեւոն Սարգսեան գրելով եկեղեցիներու եւ վանքերու կատարուած նուիրատուութիւններու մասին կը գրէ՝ «Մենք յաճախ մոռանում ենք, որ միջնադարի բոլոր բարեգործական հաստատութիւնների (հիւանդանոցներ, գոդետներ, ուրկանոցներ, անկելանոցներ, դպրոցներ եւ այլն) խնամքն ու պահպանութիւնը վերապահուած էր հոգեւոր դասին, որին եւ վստահուած էր նաեւ դատ ու դատաստանի, այսինքն՝ դատավարութեան ինստիտուտը։

Չմոռնանք յիշել, որ Ստեփանոս մետրապոլիտը՝ Սիւնեաց թեմի առաջնորդը, մեծահարուստ իշխանական ընտանիքի հարազատ զաւակն էր եւ կուսակրօն վանական, որն իր ողջ հարստութիւնը, սեփական գիւղերն ու ագարակները, այգիները, տասանորդ հարկից առաջացած եկամուտները տրամադրում էր իր ղեկավարած հոգեւոր թեմի վանական կառոյցներին, ուսումնական հաստատութիւններին, Հայաստանի աւերուած նահանգներից ու գաւառներից բռնագաղթուած մտաւոր այրերին, Գլաձորի համալսարանի ուսուցչապետներին ու սաներին, որոնցից մէկն էլ ինքն էր»։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.