2017-06-15 10:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը պիտի կատարէ Հռոմի թեմի Եկեղեցական գիտաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 19 Յունիսի երեկոյեան 7-ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի մէջ, սկիզբ կ՛առնէ Հռոմի թեմի Եկեղեցական գիտաժողովը, որուն բացումը կը կատարէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ որուն առթիւ կը ներկայացուին գիտաժողովին  աշխատանքային նիստերու վեց նիւթերը, ապա ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Հռոմի Տեղապահ Արքեպիսկոպոսը` կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին որ իր պաշտօնը պիտի աւարտէ յառաջիկայ 28 Յունիսին եւ որուն պիտի յաջորդէ գերապյծառ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը, որ անցեալ 26 Մայիսին, Քահանայապետին կողմէն նշանակուեցաւ որպէս Հռոմի Թեմի տեղակալ նոր Արքեպիսկոպոս։

Հռոմի թեմի Եկեղեցական գիտաժողովին բնաբանն է ''Միակ չի թողունք զանոնք։ ընկերանաք ծնողներուն` անչափահաս զաւակներու կրթութեան պարտականութեան մէջ''։ Շօշափուելիք նիւթերու շարքին են ''Տունը ու ընտանեկան կեանքը'', Դպրոցը եւ ուսումը'', ''Շփուիլ ընկերային ցաներու առանձնութեան հետ'', ''Սերունդներու միջեւ յարաբերութիւնը'', ''Կեանքի անապահովութիւնը` աղքատութիւն, տառապանք ու մահ'' եւ ''Յաղթահարել ընտանիքներու կղզիացումը''։

Թեմական սոյն գիտաժողովին արդիւնքները, ինչպէս ամէն տարի, պիտի հրապարակուին ու ներկայացուին յառաջիկայ 18 սեպտեմբեր 2017-ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ որուն առթիւ նոր նշանակուած Հռոմի տեղակալ առաջնորդը` կը ներկայացնէ նաեւ նոր տարուայ հովուական խնամակալութեան  ուղեցոյցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.