2017-06-15 09:27:00

Ամերիկացի աւելի քան 190 օրէնսդիրներ Թրամփի դէմ դատական հայց յարուցած են։


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ աւելի քան 190 ամերիկացի դեմոկրատական օրէնսդիրներ դատական հայց յարուցած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ` զինք մեղադրելով երկրի սահմանադրութեան կէտերը խախտելու մէջ: Դատական հայցը յարուցուած է Ուաշինկթընի դատարանին մօտ:

Դեմոկրատականները կը պնդեն, որ նոյնիսկ պետութեան ղեկավարի պաշտօնին անցնելէ ետք, Թրամփ կը շարունակէ նախապէս իր կողմէ վերահսկուող ընկերութիւններուն միջոցով գումարներ ստանալ այլ պետութիւններու կառավարութիւններէն` այդպիսով խախտելով Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը:

Հայցուորները կը նշեն, որ հանրապետական Թրամփ պահպանած է իրեն պատկանած ընկերութիւններու սեփականութիւնը` շահերու բախումէն խուսափելու համար զանոնք պարզապէս յանձնելով խնամակալ հիմնադրամի մը կառավարման, որուն ղեկավարներն են անոր որդիները:

Նախապէս Թրամփի դէմ նոյնպիսի դատական հայց յարուցած են Մերիլենտ նահանգի եւ Քոլոմպիոյ գլխաւոր դատախազները:








All the contents on this site are copyrighted ©.