2017-06-14 14:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց Բարթողոմէոս Պատրիարքը՝ Սուրբ Բարթողոմէոսի տօնին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ  Բարթողոմէոսի տօնի առիթով, անցեալ 11 յունիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորագիր մը յղած է Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ին, որուն մէջ մաղթանք յայտնած է որ Կաթողիկէները եւ Օրթոտոքսները կարենան շարունակել քալել հաղորդութեան լիութեան ուղիին վրայ՝ միասնաբար գործելով, զարգացնելու համար խաղաղութիւնը, համակեցութիւնը եւ բոլոր մակարդակներու վրայ երկխօսութիւնը։

Շնորհաւորագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  երախտագիտութեամբ յիշելով  Եգիպտոս կատարած ճամբորդութեան ընթացքին  Տիեզերական Պատրիարքին  հետ ունեցած հանդիպումը,  մաղթանք յայտնած է  որ  երկու եկեղեցիներու միջեւ բաժնեկցուած վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու միջեւ սերտ կապի եւ եղբայրական վկայութիւնները ըլլան համայն աշխարհ համար յոյսի եւ մխիթարանքի նշան  ։








All the contents on this site are copyrighted ©.