2017-06-14 08:46:00

Լոնտոնի մէջ 27-յարկանի բնակելի աշտարակին մէջ հրդեհ: Կան տասնեակ վիրաւորներ։


Լոնտոնի  արևմտեան հատուածին մէջ խոշոր հրդեհ մը բռնկուած է 27 յարկանի ''Grenfell Tower'' բնակելի աշտարակին մէջ։
Ըստ The Guardian թերթին, կրակը  ամբողջութեամբ այրած է կառոյցը: Յայտնի է, որ հրդեհը մարելու գործողութեան համար ներգրաւուած են 200-էն աւելի  հրշէջներ: Ըստ նախնական տուեալներուն հրդեհի  պատճառներէն մին կարող է ըլլալ 4-րդ յարկի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնը:
Հրշէջներու ներկայացուցիչի խօսքով` իրենք ջանացած են ազատել  բնակիչներուն մէկ մասը, սակայն շատերը տակաւին կը գտնուին թակարդի մէջ:  Աղբիւրի համաձայն  աշտարակին մէջ կան 120 բնակարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.