2017-06-14 14:11:00

Վատիկանի մէջ կաշառակերութեան մասին բանավէճ


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովը, համագործակցութեամբ քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառին,   կազմակերպած է կաշառակերութեան մասին միջազգային բանավէճ մը զոր տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 15 յունիս 2017-ին, Վատիկանի  ՝՝Լա Քազինա Փիօ Դ՝՝ անուան պալատին մէջ, նախագահութեամբ Վատիկանեան վերոյիշեալ ժողովի նախագահ՝ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոնին։

Յիշեալ միջազգային բանավէճը իր տեսակին մէջ առաջինն է որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քրիստոնեաներ եւ ոչ քրիստոնեաներ,  եկեղեցական եւ այլ հաստատութիւններու անձնաւորութիւններ, դատախազներ, ոստիկաններու ներկայացուցիչներ, կազմակերպութիւններու եւ շարժումներու ներկայացուցիչներ, ոճրագործութեան  թիրախ դարձած զոհեր, մտաւորականներ եւ լրագրողներ։

Բանավէճ ժողովին աւարտին տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը  բերեն  Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.