2017-06-13 11:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Միացեալ Թագաւորութեան մէջ նշուելիք ''Կեանքի օրուան'' առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես յառաջիկայ 18 Յունիսին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ նշուելիք կեանքի օրուան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է թագաւորութեան բնակչութեան մաղթելով որ բոլոր անոնք որոնք կը հաւատան Միածին Որդիին կարողանան շարունակել վկայել կեանքը ու սատարել ճշմարտութեան ու սիրոյ մշակոյթի մը զարգացումին''։

Պատգամին պարունակութիւնը տեղական եպիսկոպոսներուն փոխանցած է Մեծն Պրիթանիոյ մօտ նոր անուանուած առաքելական նուիրակ գերապայծառ Էտուարտ Ատամսը որ հաստատած է նաեւ թէ Սրբազան Քահանայապետը իր աղօթքներն ու օրհնութիւնը կ՛ապահովէ բոլոր անոնց որոնք պիտի մասնակցին կեանքի նուիրուած օրուան։ Մինչ Մեծն Պրիթանիոյ եպիսկոպոսները, որոնց նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ կեանքի օրուան նշումը, հաղորդագրութեան մը մէջ նշած են թէ այդ օրը առիթ է աղօթելու ու յիշատակելու բոլոր այն ''կեանքերը'' որոնք կորուստի մատնուեցան նախ քան անոնց աշխարհ գալը։

Եպիսկոպոսները վերակոչելով ապա Սրբազան Քահանայապետին “Misericordia et misera” առաքելական նամակը­, հաստատած են թէ ''չկայ ոչ մէկ մեղք զոր Աստուածային ողորմութիւնը կարող չէ ջնջել երբ կը գնտէ ապաշխարած սիրտ մը` որ կը ջանայ հաշտուիլ Հօր հետ'' եւ այս առնչութեամբ  անոնց դիտել տուած են թէ օրուան նպատակն է աւելիով զարգացնել մարդկային կեանքի արժէքն ու իմաստը` սաղմէն մինչեւ մահ։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ Կեանքի օրուան առթիւ պիտի կազմակերպուի նաեւ դրամահաւաք որուն հասոյթը պիտի սահմանուի  ''Կեանքի'' ծառայութեան նուիրուած եկեղեցական կառոյցներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.