2017-06-12 10:09:00

Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլ


Ֆրանսացի քուէարկողները մէկ ամիս առաջ Էմանուէլ Մաքրոնը երկրի նախագահ ընտրելէ ետք երէկ դարձեալ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ` այս անգամ ընտրելու համար 577 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանի երեսփոխանները:

Ըստ ֆրանսական օրէնքին, այն թեկնածուները, որոնք կ՛ապահովեն քուէներու 50 առ հարիւրէն աւելի, ընտրուած կը նկատուին, իսկ քուէներուն առնուազն 12,5 առ հարիւրը ապահովողները մէկ շաբաթ ետք թեկնածու կը ներկայանան ընտրութեան երկրորդ փուլին, ուր երեսփոխանները կ՛ընտրուին քուէներու պարզ մեծամասնութեամբ:

Մաքրոնի ղեկավարած նորաստեղծ «Յառաջ ընթացող հանրապետականներ» կուսակցութիւնը արդէն ապահոված էր անդրսահմանեան տեղամասերուն յատկացուած 11 աթոռներէն 10-ը:

Քուէարկութեան կեդրոններու փակումէն ետք, նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ Մաքրոնի կուսակցութիւնը պիտի ապահովէ խորհրդարանի 577-էն աթոռներէն 400-ը: Ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը շուրջ 49 առ հարիւր էր:

Մաքրոնի կուսակցութիւնը հիմնուած է շուրջ մէկ տարի առաջ, եւ անոր թեկնածուներէն շատերը քաղաքական քիչ կամ ոչ մէկ փորձառութիւն ունին:

Միւս կողմէ, Ընկերվարական կուսակցութիւնը կը դիմագրաւէ պատմական պարտութիւն մը եւ ըստ նախատեսութեանց խորհրդարանին մէջ պիտի չունենայ ոեւէ ներկայացուցիչ: Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իր կարգին վատ արդիւնք արձանագրած է: Ըստ նախատեսութեանց, Հանրապետականներ կուսակցութիւնը պիտի ապահովէ քուէներուն 29,9 առ հարիւրը, Ազգայնական ճակատը` 13,1 առ հարիւրը, իսկ Ընկերվարական կուսակցութիւնը ձախակողմեան այլ կուսակցութիւններու հետ` 9 առ հարիւրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.