2017-06-12 10:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Լատին Ամերիկայի երկիրներու գաղթականութեան հայող նիստի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Լատին Ամերիկայի երկիրներու միջ-կառավարական անդամներու գաղթականներու հարցի հայող 32-րդ նիստի առիթով,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, յղած է պատգամ մը , որուն մէջ իր գնահատանքը յայտած է սոյն ձեռնարկին  իրականացման համար, որ ունի որպէս նպատակ  օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք ստիպուած եղան իրենց երկիրները լքելու, ապահով վայրեր  գաղթելու համար։ Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը հրաւիրած է ժողովականները խոկալու երեք կէտերու շուրջ ։

Առաջին՝  հայող իրականութեան։ Գաղթականութեան հոսքի պատճառներն ու անոնց հետեւանքները ուսումնասիրելու համար, Ֆրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ նկատած է նախ եւ առաջ հասկնալ գաղթականութեան հոսքին պատճառները այս ծիրէն ներս ընդգծելով, որպէս երկրորդ կէտ` երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու անհատներուն հետ շփումն ու հանդիպումը, որ կը յառաջացնէ­ գրած է Նորին Սրբութիւնը – զօրակցութեան զգացումը հանդէպ անոնց որոնք զրկուած են հիմնական իրաւունքներէն։ Քահանայապետը ապա նշած է , որ բաւարար չէ, կլոր սեղաններու շուրջ   գաղթականներու հարցը քննարկել, այլ հարկաւոր է գիտակցիլ թէ Իւրաքանչիւր գաղթական անհատ,  մարդկային էակն մըն է եւ անոր ետին կայ պատմութիւն մը, կայ մշակոյթ մը, կայ արժանապատուութիւն եւ այս առընչութեամբ շեշտած է թէ չէ կարելի չէ աշխատիլ լճացած վիճակին մէջ եւ անհրաժեշտ է  անցնիլ մերժումի մշակոյթէն դէպի հանդիպումի , ընկալումի մշակոյթ։ Անդրադառնալով երրորդ կէտին Քահանայապետը ընդգծած է միասնական յանձնառումի կարեւորութիւնը,  անհրաժեշտ նկատելով պետութիւններու միջեւ միասնական գործակցութիւնը՝  գերազանցելու համար աւելի արդիւնաւէտ ու պատշաճ ռազմավարութիւններ ընկալելու համար գաղթականները։

ֆրանչիսկոս Պապ գաղթականներու ի սպաս այդ աշխատանքը համարելով հսկայ գործունէութիւն, նշած է թէ անիկա կարօտը ունի բարի կամք ունեցող այր մարդոց ու կիներու շօշափելի յանձնառութեան, համապատասխանելու համար գաղթականներու սիրտէն բխած ճիչերուն,  ընդգծելով որ չէ կարելի մեր ականջները խփել  անոնց ցաւին դիմաց։

Ֆրանչիսկոս Պապ  դարձեալ դատապարտած է մարդավաճառութեան ախտը հաստատելով թէ ՝՝ կարելի չէ մարդ անհատին հետ վարուիլ որպէս առարկայ, որովհետեւ անոնցմէ  ամէն մին իր մէջ կը կռէ Աստուծոյ դիմագիծը  ապա Ազգային Պետութիւններուն յորդորած է  ստացնելու իրենց  պատասխանատուութիւնը, իրենց երկիրներու մէջ ապաստան գտող գաղթականներուն նկատմամբ եւ այս  առնչութեամբ վերանորոգած է  Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ տեղական եկեղեցիներու միջոցաւ դարման գտնելու քոյր  եղբայր գաղթականներու վէրքերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.