2017-06-12 10:55:00

Սերժ Սարգսեան ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները

Շաբաթ, 10 յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ռիչըրտ Հոկլընտը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Նախագահի կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն, զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած  է ղարաբաղեան-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին եւ Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին, ներառեալ` սահմանին վրայ վերջին շրջանին տեղի ունեցած դէպքերը:

«Հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր նկատած են բանակցային հոլովոյթին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած յանձնառութիւններուն կողմերու հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու  կատարումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

All the contents on this site are copyrighted ©.