2017-06-12 10:23:00

ՄԱԿ ահաբեկչական հաւանական յարձակումներու մասին զգուշացուցած է Թուրքիան, Պելճիքան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան


ՄԱԿ Թուրքիան, Պելճիքան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան զգուշացուցած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ հաւանական յարձակումներու մասին: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին խօսուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 35-րդ նիստի ընթացքին:

Մէկ օր առաջ ՏԱՀԵՇ նախազգուշացուցած էր շարք մը երկիրներու մէջ սպասուող յարձակումներու մասին: Ահաբեկչական խմբաւորումը մասնաւորաբար զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Պելճիքայի եւ Աւստրալիոյ մէջ կատարուելիք յարձակումներէն: Լրատուամիջոցներու համաձայն, ահաբեկիչները կը խոստանան, որ յարձակումները պիտի ըլլան գրեթէ ամէն օր:

Միւս կողմէ, ըստ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` ՏԱՀԵՇ-ի մարդկութեան ու աշխարհին ներկայացուցած վտանգի մասին զեկուցումին, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի շարքերը կը նօսրանան յատկապէս օտարերկրացի զինեալներու առումով: Ատոր զուգահեռ, սակայն, կը յառաջանայ այդ զինեալներու` Արեւմուտք վերադառնալու վտանգը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.