2017-06-12 10:28:00

Աղքատներու Համաշխարհային առաջին օրուայ պատգամի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 13 Յունիս 2017-ի առաւօտեան 11-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան դահլիճին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին կը ներկայացուի` ողորմութեան յոբելենական տարուան աւարտին,  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէն հռչակուած` ''Աղքատներու Համաշխարհային առաջին օրուան''  հայող պատգամը։ Օրը այս տարի  կը նշուի լատինաց ծիսական օրացոյցի համաձայն` 19 նոյեմբեր 2017-ին։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, նոր աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը եւ Հայր Խոսէ Օքթավիօ Ռոյց Արենաս` վերոնշեալ խորհուրդի քարտուղարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.