2017-06-11 10:09:00

Քուիրինալէի այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը 200 երախաներու հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 10 յունիսին` Իտալիոյ նախագահական պալատ` Քուիրինալէ կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իտալիոյ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելայի հետ միասին, յատուկ հանդիպում ունեցաւ այդ այցելութեան առթիւ, անցեալ  ամիսներուն երկրաշարժի թիրախ դարձած, Իտալիոյ կեդրոնական շրջաններէն Քուիրինալէ ժամանած 200 երախաներուն հետ որոնք խանդավառութեամբ ընկալեցին Նորին Սրբութիւնը անոր ներկայացնելով խմբային երգ մը։ Երգեցողութեան կատարումին աւարտն Սրբազան Քահանայապետը սրտաբուխ ողջոյնի խօսք ուղղեց անոնց շնորհակալութիւն յայտներով ընծայած երգին ու  խրախուսելով զանոնք միշտ քաջութեամբ յառաջ ընթանալ նայելով միշտ դէպի վեր։

''Ի հարկ է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ կեանքին մէջ կան դժուարութիւններ -  եւ դուք տառապեցաք այդ երկրաշարժի ընթացքին - կան անկումներ, սակայն միտքս կու գայ  գեղեցիկ մէկ երգ մը որ այսպէս կը հնչէ. ''Յաջողութեան ձգտելու արուեստը հիմնուած չէ չիյնալու վրայ, այլ` ինկած կացութեան մէջ չմնալու մէջ'', ասոր համար միշտ վեր նայեցէք ու կանգուն մնացէք եւ թող Տէրը ձեզ օրհնէ '' ըսաւ ապա Ֆրանչիսոս Պապ հրաժեշտ առնելով ններկաներէն եւ աւարտելով Քուիրինալէ կատարած պաշտօնական այցելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.