2017-06-10 07:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 10 յունիս 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի իր գրասենեակին մէջ, ընդունելէ ետք Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչը` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, ժամը 10.45-ին, ինքնաշարժով կ՛ուղղուի Իտալիոյ նախագահական Պալատ` Քուիրինալէ, փոխ այցելութիւն տալու Իտալիոյ Նախագահ` Սերճօ Մաթթարելլային, որ 18 ապրիլ 2015-ին այցելած էր Վատիկանը։

Սրբազան Քահանայապետին Քուիրինալէ կատարած պաշտօնական այցելութեան յայտագիրին մէջ Նորին Սրբութեան Քուիրինալէ ժամանումը` նախատեսուած է` ժամը 11-ին­­, ուր կը դիմաւորուի Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահի կողմէ եւ տեղի կ՛ունենան զինուորական պատուոյ արարողութիւնը, ապա Վատիկանի քայլերգի ու Իտալիոյ հանրապետութեան քայլերգի կատարողութիւնները, որոնց կը յաջորդէ Քահանայապետին ու Նախագահին միջեւ առանձնական հանդիպում, նուէրներու փոխանակում եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու ներկայացում, հուսկ` Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի Քուիրինալէի Աւետման մատուռ ուր պահ մը կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ։ 

Նորին Սրբութեան Քուիրինալէ կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Քուրինալէի ''Corazzieri'' անուան դահլիճին մէջ, տեղի կ՛ունենայ նախ Իտալիոյ Նախագահին զեկոյցը որուն կը յաջորդէ Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, որուն աւարտին Նախագահ Մաթթարելլա եւ Ֆրանչիսկոս Պապը Քուիրնալէի պարտէզներուն մէջ կը հանդիպին` երկրաշարժի թիրախ դարձած Իտալիոյ կեդրոնական շրջաններէն ժամանած 200 մանուկներուն։

Սոյն հանդիպումով վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին Քուիրինալէի պաշտօնական այցելութիւնը որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.