2017-06-10 11:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունած է արարչագործութեան պահպանման միջ-կրօնային հանդիպումի մասնակիցները։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Earth Day Italia՝՝  ծրագրի  կողմէ կազմակերպուած արարչագործութեան պահպանման մասին Ւտալիոյ Պոլինիա քաղաքին մէջ գումարուած միջկրօնային հանդիպումի առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը մը յղած է Պոլոնիա Թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ  Մաթթէօ Զուփփիին, որուն մէջ Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքը փոխանցած է արարչագործութեան պահպանման համար գումարուած  միջ-կրօնային  հանդիպումի մասնակիցներուն ու կազմակերպիչներուն։

Կարդինալ Փարոլին  պատգամին մէջ  գրած  է,   Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը կը յայտնէ նշանակալից ձեռնարկին համար,  որուն նպատակն է  յառաջացնել բնապահպանողական հարազատ զգայնութիւն եւ աշխարհը աճեցնել համապատասխանութեամբ ։

Սրբազան Հօր մաղթանքն է, որ ձեռնարկը հրահրէ վերանորոգուած յանձնառում՝  ճանչնալու ե պահպանելու արարչագործութեան գեղեցկութիւնը, որ Աստուծոյ անգնահատելի պարգեւն  է, որպէսզի ան դառնայ   բոլորին  համար բնակելի վայր մը։

Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը եզրափակած է ապահովեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքներն ու փոխանցելով Անոր Առաքելական օրհնութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.