2017-06-10 09:59:00

Սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները կը հասնին Իրաքի հետ սահման


Սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները Թանաֆի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ հասան Իրաքի հետ սահման: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է 5000 քառակուսի քիլոմեթր նոր տարածութիւն մը, որ կու գայ աւելնալու անապատին մէջ մարտական գործողութեան սկիզբը իր վերահսկողութեան տակ առած 15 հազար քառակուսի քիլոմեթրին վրայ:

«Մայատին» նաեւ հաղորդեց, որ Իրաքեան շիիական աշխարհազօրի ուժերն ու իրաքեան բանակը իրենց կարգին Իրաքի կողմէն հասած են սահմանին նոյն կէտին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.