2017-06-10 09:53:00

Ձեռագիր մատեաններու ցուցահանդէս եւ դասական համերգ Լիբանանի մէջ


Շաբաթ, 3 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ եւ հայրենի արուեստագէտ Սարգիս Սարգսեանի ձեռագիր մատեաններու ցուցահանդէս` հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ):

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ ընթացք առաւ ձեռնարկը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռուբինա Թովմասեան: Ան Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց միութեան կազմակերպած մշակութային ձեռնարկին առիթով: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան երկու սրնգահարներ` Գէորգ Քէշիշեան (լիբանանահայ) եւ Ալեն Դադարուի (ռումանացի), որոնք ներկայացուցին փունջ մը դասական երաժշտական կտորներ: Երկու երաժիշտները իրենց բարձրորակ կատարումներով եւ հնչեցուցած քաղցր մեղեդիներով հմայեցին ներկաները` ներթափանցելով անոնց հոգիին խորը:

Խօսք առաւ ՀԿՀՄ-ի ատենապետ Արամ Գարատաղլեան: Ան ըսաւ, որ մինչ 21-րդ դարուն ամէն բան կ՛ուղղուի դէպի թուայնացում, Հայաստանի Գիւմրի քաղաքէն արուեստագէտ Սարգիս Սարգսեան կու գայ հակադրուելու այս երեւոյթին` իր ամբողջ ոճով եւ անգնահատելի աշխատանքով: Ս. Սարգսեան իր ամբողջ ժամանակը տրամադրելով իր նախասիրած արուեստին` կը վերարտադրէ աւետարաններ եւ աղօթամատեաններ, այնպէս ինչպէս եղած են ձեռագիր բնագիր հնատիպ օրինակները հազարաւոր տարիներ առաջ:

Ա. Գարատաղլեան յայտնեց, թէ որովհետեւ Ս. Սարգսեանի արուեստը կը մէկտեղէ ազգայինն ու հոգեւորը, բնականաբար անիկա պիտի արժանանար ՀԿՀՄ-ի ուշադրութեան եւ քաջալերանքին: Ան նշեց, որ ձեռնարկը մաս կը կազմէ ՀԿՀՄ-ի առաջադրանքին` տարեկան մէկ մշակութային ձեռնարկով ներկայանալու լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան:

Իր Խօսքի աւարտին Ա. Գարատաղլեան ՀԿՀՄ-ի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, դեսպանութեան անդամներէն Վլատիմիր Պօղոսեանին, սրնգահարներուն` Գէորգ Քէշիշեանին ու Ալեն Դադարուիին եւ ՀԿՀՄ-ի մեծ ընտանիքին, որուն անդամները ամէն ջանք ի գործ դրած են ձեռնարկի յաջողութեան համար:

Ապա ցուցադրուեցաւ հայրենի արուեստագէտ Սարգիս Սարգսեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան խօսելով ձեռնարկի կարեւորութեան մասին ըսաւ, որ ձեռնարկը իբրեւ մշակութային լուրջ երեւոյթ կը համակցի երաժշտութեան, գրականութեան եւ մատենագրութեան: Դեսպանը դիտել տուաւ, որ հայ մատենագրութիւնը եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան ո՛չ միայն կարեւոր մասը կը կազմեն, այլեւ հայ ինքնութեան անբաժանելի մասն են, որովհետեւ անոնք անանց արժէքներ են, որոնք հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին ստեղծելով ձգած է ո՛չ միայն իր ժառանգներուն, այլեւ համայն մարդկութեան: Հայ արժէքներու ներկայացումը, ինչքան կարելի է լայն շրջագիծի մէջ, յաճախ պատիւ կը բերէ եւ աւելի կը բարձրացնէ հայ ժողովուրդի բարձր վարկը ամէնուրեք:

Իր Խօսքի աւարտին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան շնորհակալագիրներ յանձնեց Արամ Գարատաղլեանին, հայրենի արուեստագէտ Սարգիս Սարգսեանին, սրնգահարներ Ալեն Դադարուիին եւ Գէորգ Քէշիշեանին:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները առիթ ունեցան անմիջականօրէն  եւ մօտէն ծանօթանալու արուեստագէտ Ս. Սարգսեանի վերարտադրած ձեռագիր մատեաններուն, որոնք գեղեցիկ ձեւով ներկայացուած էին դեսպանատան շրջափակին մէջ: Արուեստագէտին գործերէն  ներկայացուած էին 19 գործեր, ինչպէս Ձեռագիր Նարեկացի «Մատեան ողբերգութեան» 2008, Ձեռագիր Նարեկացի «Մեղեդի ծննդի» 2006,  Ձեռագիր աղօթագիրք 2017, Ձեռագիր Աւետարան ըստ Մաթէոսի 2015, ընդօրինակուած էջեր, ինչպէս` Մարիուն թագուհի, Աւետարան 1346 թուական, Լեւոն Գ. թագաւոր, Կեռան թագուհի եւ անոնց որդիները, Ճաշոց 1286 թուական, հրեշտակի յայտնութիւնը իւղաբեր կիներուն եւ այլ գործեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.