2017-06-10 09:56:00

Թերեզա Մէյը վերընտրուեցաւ խորհրդարանի անդամ


Մեծ Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ Թերեզա Մէյը վերընտրուած Է խորհրդարանին մէջ:

Յունիս 8-ին կայացած վաղաժամկէտ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կառավարութեան ղեկավարի օգտին Պերքշիրի կոմսութեան Մեյտենհետի ընտրատարածքին մէջ քուէարկած Է աւելի քան 37 հազար մարդ: Այս արդիւնքն ապահոված Է վարչապետի եւ Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդի յաղթանակը:

Մէյը յայտարարած Է, որ Մեծ Բրիտանիոյ համար հարկաւոր է կայութիւն: «Մենք կը սպասենք ափոփիչ արդիւնքներուն, երկրին անհրաժեշտ Է կայունութեան շրջան եւ, ինչպիսին ալ որ ըլլան արդիւնքները, մենք կը կատարենք մեր յանձնառութիւնները եւ կ’ապահովենք այդ կայունութիւնը»,- ըսած է ան:

Նաեւ Համայնքներու պալատին մէջ վերընտրուած են Մեծ Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան կառավարող մարմնի երեք հանգուցային անդամներ` ֆինանսներու նախարար Ֆիլիփ Համոնտը, արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսոնը եւ պաշտպանութեան նախարար Մայքլ Ֆելոնը: Այս մասին  յայտնի դարձած է այն երեք ընտրատարածքներուն մէջ  քուէարկութեան արդիւնքներու հրապարակումէն յետոյ, որոնք զանոնք կը ներկայացնեն ստորին պալատին, հաղորդած Է ՏԱՍՍ-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.