2017-06-10 09:46:00

Երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ աղախին Ւթալա Մելան


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Ւտալիոյ Լա Սփեցիա քաղաքին մէջ կը նախագահէ  Սուրբ Պատարագի  արարողութեան, որուն ընթացքին երանելիներու շարքին կը դասէ Պենեդիկդեան միաբանութեան անդամ՝ Քոյր Ւթալա Մելան։

Քոյր Իթալա ծնած է Ւտալիոյ Սփեցիա քաղաքին մէջ՝ 28 օգոստոս 1904-ին։ Ան  դաստիարակուած   էր բարի սկզբունքներու տէր սակայն ոչ հաւատացեալ ընտանիքի յարկին տակ։ Մանուկ հասակին, 9 ամեայ  փոքրիկ եղբայրը կորսնցնելէ ետք,  կ՝ապրի յուսալքումի  եւ  հաւատքի դրժողութեան ծանր տագնապ մը։  

 Երկու տարի ետք, Քոյր Ւթալա,  ներքին խորհրդաւոր ցնցումի հետեւանքով կը սկսի  նոր կեանք մը` կարգախօս ունենալով ''Տէր, եթէ ներկայ ես` քեզ ճանչցուր''։ Այդ կ՛ըլլայ վերացական ուղեւորութեան ու նոր կեանքի մը մեկնակէտը,  որուն կեդրոնը կը հանդիսանայ Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը։ Քոյր Ւթալա այս աշխարհէն առ յաւէտ կը հեռանայ 29 ապրիլ 1957-ին։      

 








All the contents on this site are copyrighted ©.