2017-06-09 14:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը Թեհրանի մէջ ահաբեկչական արարքի զոհերուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես անցեալ օրերուն Թեհրանի մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիր մը յղած է ահաբեկչական արարքի զոհերուն համար, որուն մէջ յայտնած է իր խորին ցաւակցութիւնները, անոնց որոնց թիրախ դարձան Թեհրանի մէջ իրագործուած բարբարոսական արարքին  ու իր վիշտն ու մօտիկութիւնը արտայայտած է զոհերու ընտանիքներուն, հայցելով զոհերուն համար Ամենակալին ողորմութիւնը ու համայն Իրանի Ժողովուրդին խաղաղութեան համար ապահովեցնելով իր աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.