2017-06-09 09:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կը կատարէ “Scholas Occurrentes” հիմնարկի Հռոմի կեդրոնին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ թէ այսօր` ուրբաթ 9 Յունիս 2017-ին, ժամը 17-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի ''Սան Քալլիսթօ Պալատին'' մէջ ներկայ կը գտնուի “Scholas Occurrentes” հիմնարկի Հռոմի նոր կեդրոնի բացման արարողութեան։

“Scholas Occurrentes” դաստիարակչական հիմնարկը ստեղծուած է 20 տարիներ առաջ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ երբ Ան տակաւին կը վարէր Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոսի պաշտօնը ապա 13 օգոստոս 2013-ին Վերահաստատուած է որպէս Քահանայապետական միջազգային հիմնարկ որ այժմ ներկայ է 190 երկիներու մէջ` բոլոր կրօններու եւ աշխարհական կառոյցներու պատկան 446,133 դպրոցներով ու դաստիարակչական ցանցով։

Անոր հիմնական նպատակն է դաստիարակութեան միջոցաւ մշակել ու զարգացնել խաղաղութեան ի սպաս հանդիպումի մշակոյթը։

“Scholas Occurrentes” ուսանողական համաշխարհային ամենամեծ շարժումն է։ Հռոմի կեդրոնի բացման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին 9 երկիրներ ներկայացնող եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.