2017-06-09 10:41:00

Մեսրոպեանի աշակերտները ստացան հայ զինուորներու պատասխան նամակներ


2017թ. Յունիսի 8-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան մէջ Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ պարոն Վլատիմիր Պօղոսեան այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ աշակերտներուն փոխանցեց Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ ծառայող հայ զինուորներուն գրաւոր նամակները: Այդ նամակներով, զինուորները կը պատասխանէին Մեսրոպեանի աշակերտներու նամակներուն, որոնք ուղարկուած էին քանի մը ամիս առաջ՝ Հայոց բանակին զօրակցութեան արշաւին ծիրին մէջ:

Աշակերտութեան հետ հանդիպումին ընթացքին պարոն Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան սոյն օգտաշատ ձեռնարկի իրականացման ուղղութեամբ ցոյց տուած նախանձախնդրութեան համար: Ան աշակերտներուն յայտնեց, որ հայ զինուորներուն համար մեծ կարեւորութիւն ունի զգալը, որ իրենք կը վայելեն հայ հասարակութեան եւ յատկապէս Սփիւռքի պատանիներուն ու երիտասարդներուն ուշադրութիւնն ու զօրակցութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ, որ անոնք ծառայութեան իրենց դժուարին պայմաններուն մէջ բարձր պահեն կորովն ու ինքնավստահութիւնը:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր հերթին դիտել տուաւ, որ նամակագրական այս կապը ինքնին օրինակ մըն է հայ ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութեան, ինչպէս նաեւ վերահաստատում մը, որ Հայոց բանակը կը վայելէ բոլոր հայ մարդոց՝ երէց թէ փոքր, ամբողջական եւ անվերապահ գուրգուրանքը: Ան շեշտեց, որ հայ պատանիներն ու երիտասարդները պարտաւոր են միշտ մնալ ազգի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ՝ կեանքի բոլոր ասպարէզերուն մէջ:

Պարոն Պօղոսեան Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն փոխանցեց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան նուէրները՝ Իմ Քաղցր Լեզու շարադրական մրցոյթին իրենց աշխոյժ  մասնակցութեան համար: Նոյն առիթով, ան վարժարանին յանձնեց նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանին շնորհակալագիրը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.