2017-06-08 11:25:00

Փանամայի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 8 յունիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Փանամայի եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Փանաման ` ուր նախատեսուած է տօնախմբել Երիտասարդութեան Համաշխարհային յաջորդ հաւաքը, ունի 74.177 Քմ քառակուսի տարածք եւ 3 միլիոն 900 հազարէ աւելի բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը` 88.5 առ հարիւրը, կաթողիկէներ են, մինչ 14-16 առ հարիւրը կը պատկանին բողոքական ու պենտեկոստեան եկեղեցիներուն։

Փանաման` 3 նոյեմբեր 1903-էն սկսեալ հռչակուած է անկախ հանրապետութիւն, անջատուելով Քոլոմպիայէն։ Փանամայի եկեղեցին կազմուած է 9 թեմերէ առաւել մէկ առաքելական փոխանորդութիւն ու տարածքային առաջնորդութիւն, ուր կը գործեն 24 եպիսկոպոսներ ներառեալ հրաժարեալ եպիսկոպոսները։ ։

Երկրին աւետարանումը սկիզբ առած է 16-րդ դարուն Ֆրանչիսկեան միաբանութեան հայրերու քարոզութեամբ։ 1513-ին Լեւոն տասներորդ քահանայապետը կը հիմնէ Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա առաջին թեմը։ 1583-ին Փանամա կը ժամանեն նաեւ Յիսուսեանները։ 1760 ական թուականներուն Եկեղեցին կ՛ապրի դժուար ժամանակաշրջան մը մինչեւ 19-րդ դար, երբ Փանաման ձեռք կը բերէ իր անկախութիւնը շնորհիւ նաեւ Եկեղեցականներու տածած գործունէութեան։

1983-ի Մարտ 5-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը քահանայապետութեան 17-րդ միջազգային ճամբորդութեան առթիւ, այլ երկիրներու շարքին, կ՛այցելէ նաեւ Փանաման։ 9 Սեպտեմբեր 2000-ին Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա Տիրամայրը կը հռչակուի Փանամայի պաշտպան սրբուհի։

2012-2013 տարեշրջանին Փանամայի Եկեղեցին կը տօնախմբէ Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա` առաջին թեմին հիմնարկութեան 500րդ տարեդարձը։

Փանամայի եկեղեցւոյ դիմագրաւած հրատապ հարցերու շարքին են. կեանքի ու ընտանիքի պաշտպանութիւնը, աւանդական ամուսնութեան հարցը, անչափահասներու պաշտպանութիւնը, դաստիարակչական համակարգի ապահովումը, ընկերային անարդարութիւնները, բռնութիւնն ու կաշառակերութիւնը ինչպէս նաեւ աղանդական կրօններու ծաւալումը։

Եկեղեցին ապա մեծ շուքով կը պատրաստուի Փանամայի մէջ հիւրընկալելու երիտասարդութեան համաշխարհային 34-րդ հաւաքը, որ նախատեսուած է 2019 թուականին։ Այս առնչութեամբ Եպիսկոպոսները հրաւիրած են հաւատացեալները աւելիով աշխուժացնել իրենց աղօթքները` որպէսզի  մարդիկը վեհանձնութեամբ բանան իրենց սրտերն ու տուներու դռները հիւրընկալելու համար այն բազմաթիւ երիտասարդները, որոնք 2019-ին Փանամա պիտի ժամանեն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար վերոնշեալ երիտասարդաց միջազգային հաւատքին, մինչ այդ` 2018-ի  Փետրուար 2-էն 5-ը­, նախատեսուած է երիտասարդութեան ազգային 38-րդ հաւաքը, որ պիտի կեդրոնանայ երիտասարդներու կազմաւորումին վրայ, եւ որուն գլխաւոր  նիւթն է ''Հօր ողորմութեան աշակերտներ եւ միսիոնարներ ''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.