2017-06-08 08:11:00

Նախագահ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղեց Հասան Ռուհանիին։


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Իրանի  նախագահ Հասան Ռուհանիին` Թեհրանի մէջ Իրանի խորհրդարանին եւ  իմամ Խումէյնիի դամբարանի դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն եւ անոնց պատճառով անմեղ զոհերու եւ տասնեակ վիրաւորներու առիթով:

«Խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան որեւէ դրսեւորում` համոզուած ենք, որ անհրաժեշտ է միասնականօրէն պայքարիլ միջազգային այդ արհաւիրքին դէմ:

«Կարեւոր նկատելով մեր դրացի եւ բարեկամ երկրին մէջ  անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը` վստահ եմ, որ Իրանի իշխանութիւնները կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները նման գործողութիւններ կանխարգիլելու ուղղութեամբ:

«Այս դժուարին պահուն խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ ձեզի, Իրանի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու  հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում», նշուած է նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.