2017-06-07 09:23:00

Մեսրոպեան վարժարանի Շուշի պարախումբին տարեկան ելոյթը


Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ի երեկոյեան Պուրճ Համուտի ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Շուշի պարախումբին տարեկան ելոյթը, որ յաջողեցաւ ներկաները համակել հայ պարի խրոխտութեամբ ու նազանքով եւ գեղարուեստական վայելքի յիշարժան պահերով:

Ծովակ Գոզանեան եւ Կարինէ Թոփուսքանեան իրենց բացման խօսքերուն մէջ նշեցին, որ պարը արուեստի կարեւորագոյն տեսակներէն է, որ իր մէջ կը խտացնէ ազգի մը պատմութիւնը, անոր անցեալն ու ներկան, անոր երազանքներն ու ձգտումները: Հետեւաբար, անոր կիրառումն ու փոխանցումը՝ ժամանակի ընթացքին, մեծ դերակատարութիւն ունին ազգապահպանումին եւ սերունդներու ինքնութեան կազմաւորումին մէջ:

Ելոյթը բացուեցաւ հայկական աւանդական Մշոյ պարով, որուն յաջորդեցին թիւով 18 պարեր, որոնք ներկայացուեցան  Շուշի պարախումբի չորս ենթախումբերուն՝  Նախկին սաներուն, երէցներուն եւ միջակ ու փոքր տարիքի խմբակներուն կողմէ՝  առանձնաբար եւ միացեալ: Պարացանկը գրեթէ ամբողջութեամբ բաղկացած էր հայկական պարերէ՝ ինչպէս աւանդական, նոյնպէս եւ արդի մշակումներով: Ելոյթը եզրափակուեցաւ միասնական խումբով կատարուած Զարթօնք պարով: Յայտագիրը յատկանշուեցաւ պարերու բեմադրութեանց, տարազներու եւ երաժշտական ձեւաւորման բարձրաճաշակ բծախնդրութեամբ, ինչպէս նաեւ պարողներու ակնյայտ խանդավառութեամբ եւ լաւապէս պատրաստուած կատարումներով:

Ելոյթի փակման խօսքին մէջ, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Շուշի պարախումբի պարուսույցներ տիկին Սարին Արթինեան Տեմիրճեանին եւ պարոն Աւօ Գարաքէշիշեանին, նուիրումով ու սիրով կատարուած գործին եւ արձանագրուած արդիւնքին համար: Ան նաեւ գնահատեց պարախումբի բոլոր անդամներուն եւ վարչական օգնականներուն աշխատանքը՝ այս իրագործումին մէջ: Պարոն Գալուստ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Շուշի պարախումբին չորրորդ ելոյթը կու գայ յստակօրէն նշելու մեծ յառաջընթաց՝ նախկին տարիներուն համեմատ, թէ քանակական եւ թէ որակական առումներով: Արդարեւ, պարախումբին անդամներուն թիւը մէկ տարուան մէջ աւելցած է աւելի քան 10 երիտասարդներով, ինչ որ ինքնին ցուցանիշ մըն է զարգացումի:  Ան ըսաւ, որ նոր սերունդին կողմէ ազգային արուեստի յիշողութիւնը պահպանելն ու տարածելը ինչպէս կրթական, նոյնպէս եւ ազգային առաքելութիւն մըն է, որուն հետամուտ է Մեսրոպեան վարժարանը իր ուսումնական ծրագրով եւ արտաուսումնական գործունէութեամբ: Պարոն Գալուստ դիտել տուաւ, որ հայոց ամրակուռ բերդաքաղաքին անունը կրող պարախումբը կոչուած է աննահանջօրէն շարունակելու իր առաքելութիւնը՝ արուեստի ու պարի ճամբով յաղթանակներ պարգեւելու բոլորին:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.