2017-06-06 10:09:00

Շարք մը արաբական երկիրներ կը խզեն Քաթարի հետ իրենց յարաբերութիւնները


Յունիս 5ին, Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ, արաբական չորս երկիրներ յայտարարեցին, թէ կը խզեն Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Ռիատի այս որոշումին միացած են Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Եգիպտոս: Նաեւ, Քաթարի հետ օդային ու ծովային ճամբաները փակուեցան ու պահանջուեցաւ, որ քաթարցի դիւանագէտները 48 ժամէն վերադառնան Քաթար։ Սէուտական Արաբիա նաեւ փակեց Քաթարի հետ ցամաքային անցքը։

Քաթարը մեկուսացնելու այս քայլերը հետեւանք են Իրանի նկատմամաբ Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատ Թանիի որդեգրած մեղմ կեցուածքներուն, որոնք առաջին անգամ պաշտօնապէս բացայայտուեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սէուտական Արաբիա տուած պաշտօնական այցելութեան յաջորդող օրերուն։

Արդարեւ, Քաթարի լրատուական  աղբիւրներ Թրամփի այցէն անմիջապէս ետք  տեղեկութիւններ տարածած էին, որ Քաթարի իշխանը շատ խանդավառ չէ Իրանի դէմ նոր դաշինք մը կազմելու Թրամփի ջանքերով։

Քաթարի իշխանին վերագրուած յայտարարութեան համաձայն՝ ան նշած էր. «Իրանի շրջանային ու իսլամական կշիռը կարելի չէ անտեսել, եւ անոր դէմ մագլցողական քայլերու դիմելը իմաստուն չէ: Իրան շրջանի կայունութիւնը երաշխաւորող մեծ տէրութիւն մըն է եւ Քաթար Իրանի հետ համագործակցութեան պատրաստ է՝ մերձակայ երկիրներու կայունութեան համար»:

Քաթարի իշխանը դժգոհ էր Ռիատի այն ամբաստանութիւններէն, թէ Քաթար կ՛օժանդակէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու։ «Ոչ ոք իրաւունք ունի մեզ ահաբեկչական որակելու, որովհետեւ «Իսլամ եղբայրներ»ը կը նկատէ ահաբեկչական կամ կը մերժէ «Համաս»ի եւ «Հըզպալլա»ի դերը», ըսած էր ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.