2017-06-05 12:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Մխիթարիչի առաքեալներ'' միաբանութեան անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 5 Յունիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պաշտօնական օրակարգը սկսաւ իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունելով Սրի Լանքայի Քոլոմպօ թեմին արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Ալպերթ Մալքոմ Ռանժիթ Փաթապենտիժ Տոնը ապա Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահ` Կարդինալ Փոլ Փուփարը, հուսկ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի աւագերէցը` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ռիլքօ եւ Սուրբերու դատի ժողովի երբեմնի կառավարիչը` Կարդինալ Խօսէ Սարայիվա Մարթինս։

Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 12-ին, Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Մխիթարիչի առաքեալներ'' միաբանութեան լիագումար նիստի մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ, ողջունելով ներկաները, մաղթեց որ միաբանութեան ժողովները յատկանշուին Սուրբ Հոգիին հնազանդութեամբ, ապա  մի քանի առաջարկներ ներկայացուց, որպէսզի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս հաւաքի օրերը արտադրեն ձեր հասարակութեան ու համայն եկեղեցւոյ առաքելութեան համար բարի պտուղներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ միաբանութեան  խարիզմին ու գործունէութեան ի սպաս թշուառութեան մէջ ապրող ժողովուրդներուն ու հրաւիրեց անոնք պատշաճ կերպով տանիլ Սուրբ Հոգիին սիրոյ վկայութիւնը, ապա  այդ առաքելութիւնը յառաջ տանելու համար յորդորեց ապրիլ Աստուծոյ հետ հաղորդութիւնը այն գիտակցութեամբ որ սիրուած ենք Տիրոջմէն` ձրի եւ ողորմած սիրով։

''Գիտցէք մշտապէս նորոգուիլ ձեր յանձնառումին մէջ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները, իրենց հիմնադիրի օրինակով երբեք չի յօգնիլ նոր սլացք տալու առաքելական կեանքին։

''Ձեր առաքելական կորովն է որ թիկունք կարող է կանգնիլ քրիստոնեայ այն հասարակութիւններուն որոնք ձեզի վստահուած են'', յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն անդրադառնալով միսիոներական ծառայութեան ոճին ու այս առնչութեամբ ընդգխելով իսլամներու հետ երկխօսութեան, կնոջ արժանապատուութեան ու ընտանիքի արժէքներու զարգացումին ինչպէս նաեւ արդարութեան ու խաղաղութեան նկատմամբ յատուկ ուշադրութեան կարեւորութիւնը։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց ներկաները իրենց ընթացքը շարունակելու յոյսով։ ''Ձեր միսիոներական նուիրումին աղբիւրը ըլլայ Յիսուսի ու Անոր սիրոյն հետ կենդանարար հանդիպումի, Ան` որ է մխիթարութեան, խաղաղութեան ու համայն մարդոց փրկութեան ակնաղբիւրը'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ներկաներուն վրայ հայցեց  Սուրբ Կոյս Մարիամին, միսիոնարներու թագուիին, ու միաբանութեան հիմնադիր` Երանել Ճուզեփփէ Ալլամանոյի հովանին,  բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.