2017-06-05 13:46:00

Ռայի Պատրիարքը մաղթեց որ Քաղաքական համաձայնութիւնը նպաստէ լուծելու նաեւ այլ հարցեր։


«Կ՛ապրինք ուրախութեան նշոյլներ եւ կը մաղթենք, որ անոնք արդիւնաւորուին, ու քաղաքական համախմբումները համաձայնին ընտրական նոր օրէնքի շուրջ», յայտարարեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը` երէկ Հոգեգալստեան տօնին առիթով արտասանած կիրակնօրեայ իր քարոզին մէջ:

«Կ՛աղօթենք, որ այս մթնոլորտին ոգին վարակէ նաեւ այլ շրջանակներ, եւ լուծուին երկրին տնտեսական, ապրուստի եւ բարգաւաճման հարցերը` հասնելով մինչեւ երկու միլիոն գաղթականներու հարցի լուծման», շեշտեց Ռայի:








All the contents on this site are copyrighted ©.