2017-06-05 12:04:00

''Ողորմութեան ներգործութիւնները բաժնեկցութիւն են'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 5 Յունիս 2017-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ ''Ողորմութեան ներգործութիւնը բաժնեկցութիւն է ուրիշներու ցաւին''։

Ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն, Ֆրանչիսկոս Պապ   քարոզը կեդրոնացուց ողորմութեան մարմնական ու հոգեւոր 14 ներգործութիւններու վրայ, ընդգծելով թէ զանոնք իրագործելը կը նշանակէ ոչ միայն կարեկցութիւն ցուցաբերել ուրիշներուն այլեւ ցաւիլ տառապողին հետ։ Ողորմութիւնը չի կատարուիր մեր խիղճը հանգստացուելու համար, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ ողորմած է այն անձը որ գիտէ կիսել ուրիշ անձերու անձկութիւնները ու հրաւիրեց հարց տալ եթէ մենք եւս այդ մէկը կը կատարենք։

Ողորմութեան ներգործութիւնները կատարելը շատ անգամ առիթ  կը հանդիսանան ուրիշներու կողմէ հեգնանքի արժանանալու, ըսաւ ապա  Նորին Սրբութիւնը, որովհետեւ շատեր կը մտածեն թէ այդ արարքը անիմաստ է կամ անվայել ու թէ աւելի է լաւ է հանգիստին նայիլ ու չմտահոգուիլ ուրիշներով։ Տէրը սակայն մեզի համար հանգիստը չի փնտռեց, այլ զոհուեցաւ  խաչին վրայ, մեզի ողորմութիւնը շնորհելու համար հաստատեց ապա Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ  ''Կարող են ողորմութեան ներգործութիւններ կատարել անոնք որոնք գիտակից են թէ իրենք եւս ընդունեցան ողորմութիւնը'' հուսկ հրաւիրեց մտաբերել մեր մեղքերը ու թէ ինչպէս Տէրը գթաց մեր վրայ ու ներեց մեր յանցանքները, ապա առաջարկեց ''նոյնը կատարել մեր եղբայրներուն''։

Ողորմութեան ներգործութիւնները մեզ դուրս կը բերեն մեր եսասիրութենէն ու մեզ  կը մղեն նմանելու Յիսուսին - յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.