2017-06-05 12:30:00

Միսիոներութեան օրուան պատգամը. ''Աշխարհը կարիքն ունի Յիսուսի Աւետարանին''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աշխարհը կարիքը ունի Յիսուսի աւետարանին'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յառաջիկայ 22 հոկտեմբեր 2017-ին նշուելիք` Միսիոներական Համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին առանցքը։

Նորին Սրբութիւնը, 4 յունիս 2017 թուակիր իր պատգամին մէջ, կը յիշեցնէ թէ Եկեղեցին իր բնութեամբ միսիոնար է ու թէ եթէ այդպէս չ՛ըլլայ կը դադրի այլեւս Քրիստոսի Եկեղեցին նկատուլէ, ու կը դառնայ շատ մը այլ ընկերակցութիւններու նման կազմարկերպութիւն մը։ Հարկաւոր է առ այդ հարց տալ ''թէ ո՞րն է այսօր եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմքը'' դիտել կու տայ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ Աւետարանը այն բարի լուրն է որ վարակիչ ուրախութիւն կը հրահրէ ու նոր կեանք մը կը ստեղծէ Քրիստոսի մէջ` որ է ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք։

Եկեղեցին կը ներկայացնէ Յիսուսը­, որ կը շարունակէ աւետարանել ու ներգործել։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առ այդ ''կրօնական գաղափարախօսութեան մը կամ վսեմ բարոյականութեան մը'' տարածելը չէ, այլ հանդիպում է Անձի մը հետ, որ մշտապէս ժամանակակից է, հանդիպումն է Սուրբ Հոգիին կերպարանափոխող զօրութեան հետ, կը շեշտէ Սրբազան Պապը ու կը հաստատէ թէ. ''Սուրբ Մկրտութեամբ Աւետարանը կը դառնայ նոր կեանքի աղբիւր, Դրոշմի խորհուրդով` կը դառնայ ամրապնդող օծում եւ Սուրբ Հաղորդութեան շնորհիւ ''Նոր մարդու կերակուր եւ անմահութեան դեղ''։

''Աշխարհը կարիքը ունի Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին որ Եկեղեցւոյ միջոցաւ կը շարունակէ իր Բարի Սամարացիի առաքելութիւնը, դարմանելով մարդկութեան վէրքերը ու Բարի Հովիւի առաքելութեամբ կը շարունակէ անյապաղ փնտռել կորսուածը'' - կը գրէ  Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ­, մէջբերելով ապա զանազան վկայութիւններու  օրինակներ ու  հաստատելով թէ ''Աւետարանը կը սատարէ շրջանցելու փակումները, հակամարտութիւններն ու ցեղապաշտութիւնը եւ ամենուրէք ու բոլորին միջեւ  կը զարգացնէ հաշտութիւնը, եղբայրութիւնն ու բաժնեկցութիւնը''։

''Եկեղեցին հրաւիրուած է ելլելու իր ցանկապատերէն ու շարունակելու իր ուխտագնացութիւնը կեանքի անապատներու մէջ­, այնտեղ ուր կայ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ծարաւը'' կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ ու կը մատնանշէ յատկապէս երիտասարդ առաքեալներուն որոնք Յիսուսը ուրախութեամբ կը տանին աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ, հաստատելով թէ երիտասարդները  առաքելութեան յոյսն են ու այդ առընչութեամբ կը մատնանշէ եպիսկոպոսներու յառաջիկայ սիւնհոդոսին որ նուիրուած է երիտասարդներուն, դիտել տալով թէ այդ ժամկէտը առիթ է  աւելիով ներգրաւելու երիտասարդները միսիոներական միասնական յանձնառումի պատասխանատուութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր գնահատանքը կը յայտնէ ''միսիոներական քահանայապետական առաքելական կառոյցներուն'' եւ պատգամը կ՛եզրափակէ հրաւիրելով ներշնչուիլ Սուրբ Կոյսին` Աւետարանումի Մօր, որպէսզի մեզ օգնէ մեր Այոն արտասանելու ու Յիսուսին Բարի Աւետիսը հնչեցնելու ժամանակից աշխարհին մէջ­ եւ որպէսզի Անոր հետ միասին կարողանանք վերագտնել սուրբ կորովը` նոր ուղիներ որոնելու եւ այնպէս ընելու որ փրկութիւնը հասանելի ըլլայ բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.