2017-06-04 08:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց Հոգեգալուստի նախատօնակի աղօթքի հսկումը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միութիւնը առաքելութեան համար է, հռչակելու համար թէ` Յիսուս Տէրն է, Բարի Աւետիսը տանելու բոլոր ազգերուն եւ ցոյց տալու թէ խաղաղութիւնը կարելի է, նոյնիսկ եթէ դիւրին չէ զայն բացայայտել ներկայ աշխարհին, սակայն Յիսուսին անունով այս մէկը կարելի է''։ Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Պենտեկոստէի նախատօնակի հսկումի արարողութեան ընթացքին արտասանած խօսքին, Հռոմի ''Չիրքօ Մասսիմօ'' անուամբ պատմական կրկէսի տարածքին վրայ, ուր համախմբուած էին 50 հազարէ աւելի հաւատացեալներ ու ''խարիզմաթիկ'' ընկերակցութիւններու անդամներ որոնց մեծամասնութիւնը Հռոմ ժամանած էին աշխարհի 120 երկիրներէ, միասնաբար աղօթելու ու տօնախմբելու համար ''Սուրբ Հոգիով վերանորոգում'' կաթողիկէ խարիզմաթիկ շարժումի Ոսկիէ Յոբելեանը։

Մենք ունինք տարբերութիւններ, ըսաւ ապա Քահանայապետը, սակայն մենք կ՛ուզենք որ այդ տարբերութիւնները ըլլան ''հաշտուած զանազանութիւն''։

Այսօր մենք որոշեցինք համախմբուիլ այստեղ որովհետեւ այս վայրին մէջ, հալածանքներու ընթացքին բազմաթիւ քրիստոնեաներ նահատակուեցան։ Այսօր շատ աւելի մարտիրոսներ կան Քան անցեալին։ Այսօր Քրիստոնեայ բազմաթիւ նահատակներ կան։ Որովհետեւ անոնք որոնք քրիստոնեաները կը սպանեն հարց չեն տար եթէ անոնք օրթոտոքս են, կաթողիկէ կամ բողոքական են եւ կամ լուտերական։ Ո՛չ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անոնք կը տեսնեն միայն քրիստոնեան, յարեց Նորին Սրբութիւնը, շեշտը դնելով արեան համամիութեան վրայ ու խրախուսելով իրար սիրել ու միասին քալել։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգիով վերանորոգում կաթողիկէ խարիզմաթիկ շարժումի 50 ամեակին վրայ, հաստատելով թէ այդ շարժումը` շնորհքի շարժում է որուն մէջ խտացուած են զանազան արտայայտութիւններ որոնք ներշնչուած են Սուրբ Հոգիէն եւ որոնք` բոլորն ալ կը ծառայեն Եկեղեցւոյ։

Սուրբ Հոգին Ան է որ Եկեղեցին կ՛իրականացնէ­, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, խարիզմաթիկ շարժումի անդամները հրաւիրելով բոլորին հետ կիսել Սուրբ Հոգիին մկրտութիւնը, փառաբանել Տէրը անյապաղ ու քալել այլ եկեղեցիներու քրիստոնեաներուն հետ միասին, աղօթքի ու եղբայրսիրութեան արարքներու ընդմէջէն։ ''Ահա այս է որ ձեզմէ կը սպասէ Եկեղեցին ու Քահանայապետը'' ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Տէրը մեզ կը կոչէ ապաշխարութեան եւ ընթանալու դէպի միութիւն, Միութիւն Քրիստոսի համայն մարմնին, առ աւելին, դէպի միութիւնը` համայն մարդկութեան'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը խրախուսելով բոլոր ներկաները անխտիր գործելու այս ուղղութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքէն  առաջ Քահանայապետական Տան քարոզիչը Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան եւս ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն մէջ հաստատեց թէ ''Միութեան ու միասին քալելու իրականութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորն է համամիութիւնը իրականացնել հիմնուելով եղբայրսիրութեան վրայ ու միասին ընթանալով դէպի լիակատար միութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.