2017-06-04 11:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Պենտեկոստէի տօնի քարոզը. ''Եկ Սուրբ Հոգի...''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 4 Յունիս 2017-ին Տօնն է Հոգեգալստեան։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան 10,30-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Պենտեկոստէի Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իտալացի եւ օտարազգի պատկան տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ որոնց շարքին նաեւ եկեղեցական խարիզմաթիկ շարժումներու բազմահազար անդամներ։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ ''Եկ Սուրբ Հոգի'' շարականով եւ սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, քաղուած Գործ Առաքելոցէն ու Յովհաննէսի աւետարանէն ուր կը խօսուի Պենտեկոստէի` Սուրբ Հոգիին գալստեան մասին եւ Յիսուսի աշակերտներուն Վերնատան մէջ երեւումի մասին ու անոնց վրայ իր շունչը` Սուրբ Հոգին փչելու մասին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, հաստատելով թէ այսօր վերջ կը գտնէ Զատկական շրջանը որուն ընթացքին Յիսուս կը շնորհէ Զատկական պարգեւը` Սուրբ Հոգին, որ մշտապէս նոր բաներ կը ստեղծէ։ Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց սուրբ գրային ընթերցումները յատկապէս անդրադառնալով երկու երեւոյթներու մասին. Գործք առաքելոցին մէջ Սուրբ Հոգին Յիսուսին աշակերտները կը վերածէ նոր ժողովուրդի մը ու Աւետարանին մէջ` Ան անոնց կը շնորհէ նոր սիրտ մը։ 

Նոր Ժողովուրդ ու նոր սիրտ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,  ընդգծելով թէ ինչպէս Սուրբ Հոգիին ներգործութեան շնորհիւ, իւրաքանչիւր անց կ՛ընդունի յատուկ շնորհք մը։

Սուրբ հոգին կը ստեղծէ միութիւնը զանազանութեան մէջ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, եւ այնպէս կ՛ընէ որ միութիւնը չ՛ըլլայ լոկ միաձեւութիւն, այլ միութիւն զանազանութեան մէջ, եւ այս առընչութեամբ  զգուշացուց յաճախակի փորձութիւններէն, որոնք կը սպառնան միութեան, ապա հրաւիրեց աղօթել Սուրբ Հոգիին, Անորմէ հայցելով շնորհքը` ընկալելու Անոր միութիւնը որ է հայեացք` որ կը սիրէ եւ կ՛ողջագուրէ­, ապա մատնանշեց ''Նոր Սիրտ'' ունենալու նորութեան­, ու Յիսուսի աշակերտներուն ուղղած խօսքերուն ''Ընդունեցէք Սուրբ Հոգին։ Անոնց որոնք մեղքերը ներէք, պիտի ներուին''։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Սուրբ Հոգին առաջին պարգեւն է զոր Յարուցեալը շնորհեց իրենիններուն` յատկապէս ներերու համար մեղքերը։ Այս է ահա եկեղեցւոյ կեանքի սկիզբը, ըսաւ Սրբազան Պապը, ներումը։ Որովհետեւ ներումը ամենամեծ պարգեւն է, վեհանձն սէր է, ան է որ ամէն ինչ միացած կը պահէ, ան է որ կ՛ամրապնդէ ու կը հզօրացնէ։ Ներումը սիրտը կ՛ազատագրէ ու թոյլ կու տայ վերստին սկսիլ։ Ներումը յոյս կը ներշնչէ, առանց որուն կարելի չէ Եկեղեցին կառուցել։

Հայցենք ուրեմն շնորհքը միշտ աւելիով գեղեցիկ դարձնելու համար մեր Մայր Եկեղեցւոյ դիմագիծը, նորոգուելով ներումի յանձնառումով ու մենք մեր սխալները շտկելով, որպէսի մեր կարգին կարենանք շտկել ուրիշներու սխալները, սիրոյ մէջ - ըսաւ ապա  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց դարձեալ հայցելով որ Սուրբ Հոգին իջնէ իւրաքանչիւրին սրտին ու եկեղեցւոյ սրտին մէջ, նորոգէ մեր սրտերը ու մեզի սորվեցնէ սիրել ինչպէս Ինք կը սիրէ ու ներել ինչպէս Ինք մեզի կը ներէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.