2017-06-03 14:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ''մանուկներու շոգեկառք'' ծրագիրին մասնակցող մանուկներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 3 Յունիս 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետը,  Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց ''մանուկներու շոգեկառք'' ծրագիրին մասնակցող, իտալիոյ կեդրոնական շրջաններէն` Նորչիա, Ամաթրիչէ, Արքուաթա Տէլ Թրոթնօ գիւղաքաղաքներէն ժամանած, անցեալ ամիսներուն երկրաշարժներու թիրախ դարձած 400 մանուկներ ու անոնց հետ ունեցած սիրալիր զրոյցի ընթացքին­, հաստատեց թէ աղէտները հոգին կը վիրաւորեն սակայն Աստուծոյ վրայ վստահութիւնը կ՛օգնէ վերականգնելու''։

Մանուկները Վատիկան ժամանեցին, ինչպէս ամէն տարի, Իտալական շոգեկառքի ''Թրենիթալիա'' ընկերութեան տրամադրած յատուկ շոգեկառքով։ Այս հինգերորդ տարին է որ Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդը` համագործակցութեամբ ''Թրենիթալիա'' ընկերութեան, կը կազմակերպէ այս ծրագիրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է ''արարչութեան պահապաններ''։

Նորին Սրբութիւնը ընդունելով երախաները հրաւիրեց զանոնք իր հետ զրուցելու ազատօրէն` հարցեր տալով անոնց, որոնցմէ առաջինը եղաւ թէ ինչպէս ապրեցան երկրաշարժի սարսափի օրերը ու պատանի մը անոր պատմեց  թէ ապրեցան վախի պահեր ու թէ տուներն ու դպրոցը քար ու քանդ եղան։ Այլ երախայ մը պատմեց թէ ինչպէս շատեր համագործակցութիւն ու զօրակցութիւն ցուցաբերեցին երկրաշարժի թիրախ բնակչութեան, ու թէ այդ զօրակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ վերակառուցել դպրոցը։Ֆրանչիսկոս Պապ այս առնչութեամբ հաստատեց թէ ''գործերը յառաջ կ՛ընթանան եթէ միասնաբար աշխատինք'' ապա շարունակեց մանուկներուն հետ զրոյցը ընդգծելով թէ ''աղէտները հոգին կը վիրաւորեն, սակայն Աստուծոյ վրայ վստահութիւնը կ՛օգնէ վերականգնելու'' ու հարց տուաւ ներկաներուն եթէ կը վստահին Տիրոջ վրայ, ու մանուկները միաձայն պատասխանեցին. այո։ ''Վստա՞հ էք'', ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ու մանուկները դարձեալ պատասխանեցին. ''Այո''։ ''Կը Վստահի՞ք նաեւ Աստուածամօր­'', հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու  մանուկները ''Այո'' պատասխանեցին։  ''Ուրեմն` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, միասին աղօթենք Տիրամօր­, շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր, այն բարիքներուն համար զոր ընդունեցանք  այդ աղէտալի օրերուն ընթացքին'' ու հրաւիրեց ներկաները միասնաբար աղօթել ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը, հուսկ հրաժեշտ առաւ անոնցմէ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն տուած այդ յատուկ այցելութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.