2017-06-03 14:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն. ''Միասին քալենք''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 3 յունիսի երեկոյեան Ֆրանչսիկոս Սրըբազան Քահանայապետը կը նախագահէ Պենտեկոստէի տօնին հսկումի արարողութիւնը որուն ընթացքին ''Սուրբ Հոգիով վերանորոգում'' կաթողիկէ Խարիզմաթիկ ընկերակցութիւնը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան ''ոսկիէ'' յոբելեանը, եւ որուն հրաւիրուած են մասնակցելու համայն աշխարհէն ժամանած խարիզմաթիկ շարժումներու անդամներ ու Քահանայապետի խնդրանքով նաեւ աւետարանական ու պենտեկոստական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնք այսօր առաւօտեան առիթը ունեցան յատուկ հանդիպում մը ունենալու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ որուն ընթացքին  Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած սրտաբուխ ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` քրիստոնեաներու միութեան ի պաս տածած աշխատանքին համար, խրախուսելով միասին քալել, միասին օգնել աղքատներուն, միասին դաստիարակել...թող որ աստուածաբանները իրենց գործը կատարեն, սակայն մենք միասին քալենք, երբեք կանգ չառնենք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները միասնաբար աղօթել հայր մեր աղօթքը, ամէն մին իր լեզուով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.