2017-06-03 17:10:00

Տօն Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ - Պենտեկոստէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսի յարութենէն 50 օր ետք, քրիստոնեաները կը կատարեն Հոգեգալստեան կամ Պենտեկոստէի տօնը։ Մեր աղօթքներուն, ծէսերուն, քարոզներուն մէջ առաւելապէս կը յիշենք Հայր Աստուած եւ Որդին Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոս, մինչ Սուրբ Հոգին Աստուած շատերու համար կը մնայ անծանօթ։ Մարդկային բանականութեան համար անկարելի է ըմբռնել Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը։ Սակայն քրիստոնէական աստուածաբանութեան երկու հազար տարիներու ընթացքին եղած են Եկեղեցւոյ Հայրեր, Վարդապետներ եւ մեծ աստուածաբաններ, որոնք մարդկային լեզուի կարողութեան սահմաններէն ներս տուած են որոշ պատկերացումներ։ Աստուծոյ խորհուրդը ըմբռնել անկարելի է, սակայն Աստուծոյ միջամտութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ եւ Սուրբ Հոգիի ներգործութիւնը, Սուրբ Հոգիի շնորհքներու պտուղները մեզի կʼօգնեն որոշ պատկերացում մը ընկալելու։

Հայ Եկեղեցւոյ Հայր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի վերագրուած յաճախապատում ճառերուն մէջ կը կարդանք՝

«Ինչպէս որ մէկ ամբողջութիւն է արեւը եւ իր լոյսը եւ ջերմութիւնը, եւ մէկ արեւ կը կոչուի եւ ո´չ երբեք արեւներ, ինչպէս որ հուրը եւ իր լոյսն ու տապը՝ մէկ հուր կը կոչուի եւ ո´չ երբեք հուրեր, ինչպէս որ աղբիւրը եւ իր գետը եւ ջուրը՝ մէկ ջուր կը կոչուի եւ ո´չ երբեք ջրեր, այդպէս ալ հոգին ու միտքը եւ բանը՝ մէկ հոգի կը կոչուի եւ ո´չ երբեք հոգիներ: Այլապէս հոգի՝ կը նշանակէ է կենդանութիւն, միտք՝ կը նշանակէ իմաստութիւն, եւ բան՝ կը նշանակէ խօսողութիւնը միեւնոյն հոգիի, այդպէս ալ անծին Հայրը իսկութեամբ եւ անսկիզբ էութեամբ՝ Հայր է իր Որդիին համար, որ իր մէջ իսկ է, Հայր է Հոգիին համար՝ որ իր մէջ իսկ կայ: Արդարեւ, արեգակը եղա՞ծ է երբեք առանց իր լոյսին եւ ջերմութեան, կամ հուրը եղա՞ծ է երբեք առանց իր լոյսին կամ տապին. կամ աղբիւրը եղա՞ծ է երբեք առանց բղխման եւ խոնաւութեան. կամ հոգին եղա՞ծ է առանց բանի եւ առանց մտքի: Այդպէս ալ՝ չէր ըլլար Հայրը առանց իր Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին:»

Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար, հաւատալ Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդին, կը նշանակէ նաեւ ապրի´լ այդ հաւատքը, որ կը դրսեւորուի սիրոյ առաքինութեան մէջ։ Ապրելով այս առաքինութիւնը՝ մարդ արարածը կʼարժանանայ յաւիտենական երջանկութեան։ Յաճախապատում ճառերուն մէջ կը կարդանք՝ «Սիրել Տէր Աստուած, եւ սիրել ընկերը իր անձին պէս՝ կը նշանակէ ըլլալ պաշտպան ու պահապան Երրորդութեան սիրոյն, եւ վայելել աննկարագրելի եւ անպատում խնամքներու երանելի գուրգուրանքները. որպէսզի մեր հոգիներու բնակութեան ժամանակաշրջանին մէջ՝ անոր կամքով վայելենք երկնային ու երկրային բոլոր բարիքները. հակառակ մեր փոքրութեան՝ ըլլանք աննման, անկշիռ, անսահման, աննկարագրելի. որ բոլոր արարածներուն կեանք պարգեւողն ու ապրեցնողը՝ մեզ արժանի դարձնէ իր հոգիի օթեւանին, իր սիրոյն, իր կեանքին՝ որ անհամեմատելի է։»

Պենտեկոստէի Տօնը առիթ մըն է հաւատացեալին համար նորոգելու իր հաւատոյ դաւանութիւնը եւ իր կեանքը ապաւինելու Սուրբ Հոգիի զօրութեան։ Ինչպէս Պենտեկոստէի օրը Սուրբ Հոգին առաքեալներուն վրայ զեղուց Իր շնորհքները, այնպէս ալ մենք կʼընդունինք Սուրբ Հոգիի շնորհքները Սուրբ Խորհուրդներու միջոցաւ, եւ յատկապէս Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներու միջոցաւ։

Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի, Հոգեգալստեան նուիրուած ներբողին մէջ Սուրբ Հոգիին կու տայ հետեւեալ որակումները՝

«Վարդապետ»

«Իմաստուն ճարտարապետ»

«Արթուն Վերակացու»

«Հրահանգիչ եկեղեցւոյ կարգերուն»

«Հոգի ներգործութեան»

«Այս Սուրբ Հոգին կը ծնանի հաւատացեալներ՝ Քրիստոսի եկեղեցւոյն»

«Այս Սուրբ Հոգին կը զօրացնէ քահանայապետերու ձեռքերը՝ կատարելու շնորհաբաշխութիւն, քահանաներու ձեռքերը՝ կատարելու նուիրագործում, սարկաւագներու ձեռքերը՝ կատարելու սուրբ եկեղեցւոյ սպասաւորութիւն»

«Այս Սուրբ Հոգիով զօրացան վկաները, զինուեցան նահատակները, կիները արիացան, այրերը քաջացան։»

Ապա խօսելով տօնի խորհուրդի մասին, Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի կը գրէ՝

«Սուրբ Հոգին, որուն մարմաջով սերովբէներն ու քերովբէները բերանաբաց կը մնան՝ կարող չեն Անոր քանակը հասկնալ, այսօր իսկապէս իջնելով յագեցուց մարդիկ իր խորհուրդներու անբացատրելի գիտութեամբ։

Այսօր, աշխարհի պատրանքներու խաւարին մէջ ընկղմած մարդիկս, իմանալի լոյսը ստացանք՝ իբր պայծառացուցիչ հոգիներու եւ առաջնորդ դէպի երկինք։

Ահա նուէր մը, որ չի չափուիր. պարգեւ մը՝ որուն կշիռի նմանը չկայ։ Պարգեւ՝ որուն բնութեան իսկութիւնը չէ կարելի պարփակել, եւ շնորհք՝ որուն գերազանց զեղումը մտքով անհասանելի է։ Ահա առատ ողորմութիւն՝ որուն դիմաց աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները փոքր կʼերեւան. եւ մխիթարութիւն՝ որուն հետ ոչ մէկ մարմնաւոր ուրախութիւն կարելի է համեմատել։

Այսօր իջնելով առաքեալներու դասերուն վրայ՝ զօրացուց անոնց բազուկները։ Եւ ասոնք լեցուած Սուրբ Հոգիով՝ իրենց ստուերով իսկ հիւանդները բուժեցին, թաշկինակով ցաւերը փարատեցին, ձեռքերով մեռելները յարուցին, կաղերը քալեցուցին, կոյրերը լուսաւորեցին, առաւել հոգիներու քան մարմիններու աչքերը դէպի երկինք հրաւիրեցին. մարդիկ անվախճան փառքին ժառանգորդ դարձուցին։»








All the contents on this site are copyrighted ©.