2017-06-03 17:17:00

Տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան Սրբազանը ժամանեց Պոլիս եւ ստանձնեց իր պաշտօնը։


ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան Յունիս 1ին ժամանեց Պոլիս:

Պոլսահայ «Լոյս» պարբերականին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Պեքճեանի պատուոյն Հրաշափառի արարողութիւն տեղի ունեցած է Գումգաբուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցական արարողութեան ժամանակ Պեքճեան ելոյթ ունեցած է՝ ըսելով, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պիտի ղեկավարէ բարեկամութեան ու եղբայրութեան ոգիի ծիրէն ներս:

Արարողութեան ներկայ գտ-նուած է պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարած Արամ արք. Աթէշեան, որ իր հերթին նշած է, թէ ինք փորձած է առաւելագոյնս վերահսկել իրավիճակը։

Բոլոր ներկաները միասին աղօթած են պատրիարքական ընտրութիւններու հեզասահ անցկացման համար: Տեղապահ Պեքճեան սրբազան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան առթիւ:

Ի թիւս այլ հոգեւորականներու, արարողութեան մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիյեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.