2017-06-03 17:22:00

Հայաստան կը ծրագրէ աւելցնել Լիբանանի մէջ հայ խաղաղապահներու թիւը


Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Կորիւն Նահապետեան յայտնած է, թէ Հայաստան կը ծրագրէ աւելցնել Լիբանանի մէջ հայ խաղաղապահներու թիւը:

Ըստ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան, ներկայացնելով իր քաղաքական գնահատականը՝ Կ. Նահապետեան ընդգծած է, թէ կ՛ողջունէ հայ խաղաղապահներու թուաքանակի յաւելումը Լիբանանի մէջ, քանի որ ատիկա բաւական արդիւնաւէտ է եւ նպատակային:

«Վերջերս առիթ եմ ունեցել Իտալիայի Սենատում (Ծերակոյտ) մասնակցելու Հայաստան-Իտալիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25ամեակին նուիրուած միջոցառմանը, որի ընթացքում իտալացի գործընկերների հետ զրոյց ունեցայ Լիբանանում իտալական հրամանատարութեան ներքոյ հայ խաղաղապահ առաքելութեան մասին: Իտալական կողմը շատ բարձր է գնահատում Հարաւային Լիբանանում մեր իրականացրած գործունէութիւնը», ըսած է ան։

Նահապետեան նշած է նաեւ, թէ այսպիսով, Հայաստանը միջազգային հանրութեան ցոյց կու տայ, որ Հայաստանը միջազգային անվտանգութիւնը ապահովող երկիր է, ինչ որ չափազանց կարեւոր ազդակ է: Ան շեշտած է, թէ յատկապէ՛ս ՆԱԹՕի տարբեր հարթակներու վրայ, շատ բարձր գնահատականներ կը հնչեն Հայաստանի մասնակցութեան առնչութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.