2017-06-02 10:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալիոյ հանրապետութեան 71-րդ տարեդարձին նուիրուած թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 2 յունիս, 2017-ին, Ւտալիոյ Հանրապետութեան 71-րդ տարեդարձին առիթով,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հրապարակեց նոր թուիթ մը,  որուն մէջ մաղթանք յայտնեց որ Ւտալիոյ հանրապետութիւնը միշտ յառաջ ընթանայ եւ բարգաւաճի համերաշխութեան մէջ ու սատարէ աշխարհի մէջ խաղաղութեան  եւ արդարութեան կերտումին։     

՝՝Թող որ Ւտալիան յառաջդիմէ եւ բարգաւաճի համերաշխութեան մէջ,  պարգեւելով իր թանկարժէք նպաստը` աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ արդարութեան՝ համար''։ Գրեց Սրբազան Քահանայապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.