2017-06-02 12:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 2 յունիսի քարոզը. ''Յիսուս իր ոչխարները կը յանձնէ Սուրբ Պետրոսին''։


(Ռատիօ Վատիկան)  «Յիսուս իր ոչխարները կը յանձնէ Սուրբ Պետրոսին՝ ամենէն մեղաւորին, ու զայն կը հրաւիրէ, արածել Աստուծոյ ժողովուրդը,  հեզութեամբ եւ սիրով,  նոյնիսկ եթէ անոնք մեղաւորներ են»։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2 յունիս 2017-ին , Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։   

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը, քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն, ուր Յարուցեալ Յիսուս Սուրբ Պետրոսի հետ կը խօսի՝ լիճին մօտ, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ Յիսուսի եւ Սուրբ Պետրոսի միջեւ կայացած երկխօսութիւնը բարեկամական, համերաշխ եւ սիրալիր երկխօսութիւն էր, որ տեղի ունեցաւ Տիրոջ Յարութեան մթնոլորտին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել տուաւ, որ ''Յիսուս առաքեալներու մէջ ընտրեց ամենէն մեղաւորը,  արածելու իր ոչխարները, մինչ՝ միւս առաքեալները փախուստ տուած էին եւ Սուրբ Պետրոս դաւաճանած էր Զինք''։  Յիսուս Սուրբ Պետրոսէն խնդրեց որ սիրով եւ հեզութեամբ արածէ այդ ոչխարները ինչպէս Ինք կատարած էր - յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ ''Սուրբ Պետրոս իր բոլոր կեանքը  նուիրելէ ետք Տիրոջ, ունեցաւ Տիրոջ ճակատագիրը,  Յիսուսին նման, Խաչին վրայ մահը։  ''Սակայն Սուրբ Պետրոս ինքզինք անարժան զգալով խնդրեց որ գլուխը վար խաչուի, որպէսզի  չի նկատուի որպէս Տէր մը, այլ որպէս ծառայ'',  ըսաւ Ֆրանչիսոս Պապ ու հրաւիրեց, Տիրոջմէն հայցել մեր կեանքին մէջ` գլուխը վար ընթանալու շնորհքը, որովհետեւ մեղաւորներն ենք եւ միակ Տէրը` Յիսուս Քրիստոսն է։ 

''Խնդրենք Տիրոջմէ շնորհքը՝  ընթանալու հեզութեամբ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, այն գիտակցութեամբ որ Յիսուս Տէրն է, իսկ մենք ծառաներ ենք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.