2017-06-02 14:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ''Ասպետներ'' անուան դաստիարակչական ծրագիրի մասնակցող պատանիները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 2 յունիս 2017-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ սրտաբուխ խօսք ուղղեց քրիստոնեայ դաստիարակչական ''ասպետներ'' կոչուած ծրագիրի մասնակցող աւելի քան 6000 պատանիներուն։ 

Նորին Սրբութիւնը պատասխանելով պատանիներուն կողմէ իրեն ուղղուած կարգ մը հարցումներուն, յարեց թէ աշխարհը կարելի չէ փոխել, եթէ նախ մեր սրտերը չբանանք ուրիշներուն, եւ  պատանիներուն յանձնարարեց ''երբեք չարին չի համապատասխանել չարութեամբ''։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ կեանքը ''յարատեւ` բարի լոյս եւ ցտեսութիւն է'' ու խրախուսեց երիտասարդները ''նստակեաց'' կեանք չ՛ապրիլ ու իրենց հորիզոնները աւելիով ծաւալել, ապա շեշտը դրաւ սրտի վրայ` որպէս իսկական փոփոխութեան ''շարժիչ ուժ''։

''Աշխարհը կը փոխուի, երբ մեր սիրտերը կը բանանք  ուրիշներուն եւ երբ  ուրիշները կ՝ունկնդրենք  եւ անոնց հետ  կը կիսենք ամէն ինչ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու յորդորեց աշխարհը փոխել փոքրիկ գործերով, եղբայրութեան վարուելակերպով։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա պատանիներուն յորդորեց, որ երբեք չարին չի համապատասխանեն  չարիքով,  ու խնդրեց որ աղօթեն իրենց թշնամիներուն համար, աւելցնելով թէ. ''բոլորին համար աղօթելով կարելի է աշխարհը փոխել''։

Ֆրանչիսկոս Պապ   անդրադառնալով հուսկ մանուկներու տառապանքին, յարեց թէ անոնց տառապանքը կարելի չէ բացատրել, այլ լոկ կարելի է խաչեալ Քրիստոսին նայիլ ու խորհրդածել այն իրողութեան թէ Աստուած իր Միածին Որդին զոհեց ու ենթարկեց չարչարանքի։  








All the contents on this site are copyrighted ©.