2017-06-02 09:26:00

Միացեալ Նահանգներ դուրս կու գան կլիմայական փոփոխութիւններու Փարիզեան համաձայնագիրէն


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ  ելոյթ ունենալով, յայտարարած է Կլիմայական փոփոխութիւններու  վերաբերեալ փարիզեան համաձայնագիրէն դուրս գալու որոշումին մասին:

Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, այս որոշումը Թրամփ տուած է Սիկիլիոյ մէջ Եօթներու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին տուած յայտարարութենէն ետք:

Թրամփ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ 2025-ին կրնան 2,7 միլիոն աշխատատեղ կորսնցնել, եթէ կատարեն 2015-ին կնքուած համաձայնագիրին պայմանները:

Փարիզեան համաձայնագիրը կնքուած է 12 դեկտեմբերին, անոր 195 մասնակիցները համաձայնած են ընթացք չտալ 2100-ին մոլորակին վրայ միջին ջերմաստիճանի բարձրացումին աւելի քան 2 աստիճանով:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն ցաւ յայտնեց փարիզեան համաձայնութենէն դուրս գալու Թրամփի որոշումին համար: Նոյն ծիրին մէջ, Գերմանիա եւ Ֆրանսա յայտարարեցին, որ համաձայնութիւնը բանակցելի չէ:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.