2017-06-01 14:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 1 յունիսի քարոզը. ''Հալածանք, աղօթք, Յիսուսի հետ հանդիպում''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 1 յունիս 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած,  սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Սուրբ Պօղոս առաքեալի կեանքին մասին, մատնանշելով անոր երեք յատկութիւններուն, քարոզ, հալածանք եւ աղօթք։

Սուրբ Պօղոսի կեանքը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, եղած է շարժումի կեանք, որ ունեցած է երեք յատկանիշներ, որոնց առաջինը քարոզութիւնն է. Սուրբ Պօղոս մէկ վայրէ միւսը կը փոխադրուի քարոզելու համար. Ան ունէր Քրիստոսը աւետելու առաքելական եռանդը, որ  զինք մղեց միշտ յառաջ ընթանալու եւ երբեք ետ քայլ չկատարելու ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Սուրբ Պօղոսի կեանքի երկրորդ յատկութեան` դժուարութիւններն ու  հալածանքները, որոնց ընթացքին առաքեալը ներշնչուեցաւ Սուրբ Հոգիէն։ Ապա աղօթքը` ''Քրիստոսի հետ մտերմութիւնը'' որ եղած է Սուրբ Պօղոսին ուժը։ Սուրբ Պօղոս Տիրոջ հետ հանդիպեցաւ Դամասկոսի ճամբուն վրայ, երբ կը հալածէր քրիստոնեաները, ու երբեք չի մոռցաւ այդ հանդիպումը եւ ասոր համար կը ջանայ դարձեալ հանդիպիլ Անոր։ Ան աղօթքի մարդ է ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու դարձեալ ընդգծեց Սուրբ Պօղոսի կեանքի երեք յատկութիւնները հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցել Սուրբ Պօղոսի երեք այդ յատկութիւններու շնորհքը. այսինքն Յիսուսը աւետել, հալածանքներուն  դիմադրել, եւ շնորհքը  աղօթքի մէջ հանդիպելու Յիսուսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.