2017-06-01 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ընտանիքներու կաթողիկէ ընկերակցութիւններու դաշինքի անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 1 յունիս 2017-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկսո Պապ ընդունեց եւ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց, Եւրոպայի  ընտանիքներու կաթողիկէ ընկերակցութիւններու դաշնութեան անդամներուն, դաշնութեան հիմնադրութեան 20 ամեակի առիթով։ 

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով յիշեալ ընտանիքներու ''երիտասարդ'' ընկերակցութեան, նշեց թէ ան կանչուած է  վարակելու այլ ընտանիքներու ծառայութեան նուիրուած իրականութիւնները, որպէսզի Եւրոպան կարենայ շարունակել` որպէս ամենէն  թանկագին գանձ  ունենալ՝ ընտանիքը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով, թէ ինչպէս ընտանիքներուն միջոցաւ շօշափելի կը դառնայ նուիրումը ու թէ ընտանիքները թթխմորն են, որ կը սատարէ աւելի մարդկային, աւելի եղբայրական աշխարհի մը զարգացումին, որուն մէջ ոչ մէկը ինքզինք մերժուած կը զգայ։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ ապա ընկերակցութեան ծառայութեան՝ ի սպաս  ընտանիքին՝ որ է, ըսաւ Ան, ընկերութեան հիմնական բջիջը ու ամենէն յարմար կառոյցը` ապահովելու համար ընտանիքներու համապարփակ բարիքը։

Ընտանիքը, միջանձանական յարաբերութեան գերազանցութիւնն է, այն հանգամանքին համար,  որ անիկա անձերու  հաղորդութիւն է,  ամուսնութիւնը, հայրութիւնը, մայրութիւնն ու եղբայրութիւնը կարելիութիւն կու տան որ իւրաքանչիւր անձ ներգրաւուի  մարդկային ընտանիքէն ներս։ Այդ յարաբերութիւնները ապրելու ձեւը հիմնուած է հաղորդութեան վրայ որ է մարդկայնութեան ու աւետարանութեան ներուժը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շեշտելով հանդիպման մշակոյթի հարկաւորութիւնը, ուր կ՝արժեւորուի միութիւնը տարբերութեան մէջ ու սերունդներու միջեւ զօրակցութիւնը։ Այս ընտանեկան դրամագլուխը կանչուած է զարգացնելու տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական յարաբերութիւններ ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ընդգծելով ընտանիքներու կաթողիկէ ընկերակցութիւններու դաշինքի ընտանիքի նկատմամբ կեցուածքը, որ հիմնուած է մարդ անհատի արժանապատուութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Եւրոպայի եւ ընտանիքի հայող  տագնապներուն, նշելով թէ տագնապները կ՛օգնեն աւելիով ու աւելի լաւ գործելու համար ու այս առնչութեամբ քաջալերեց ընտանիքի ընկերակցութիւններու դաշինքը յարատեւելու իրենց աշխատանքին մէջ  զարգացնելու համար ընտանիքի ի նպաստ շօշափելի քաղաքականութիւն՝ ըլլայ տնտեսական, ըլլայ աշխատանքային բնագաւառներէն ներս, յատկապէս նուիրուած երիտասարդներուն, որոնք Եւրոպայի զանազան երկիներու մէջ  կը տառապին աշխատանքի պակասութեան պատճառաւ։ 

Հանդիպման մշակոյթի առանցքը կը կազմէ երկխօսութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շեշտելով, թէ երկխօսութեան մէջ հարկաւոր է նաեւ ունկնդրել ապա մատնանշեց Եւրոպական ցամաքամասը յուզող չորս կարեւոր տագնապներուն՝ ժողովրդագրութեան, գաղթականութեան, աշխատանքի եւ դաստիարակութեան տագնապները, որոնց համար որպէս լուծում առաջարկեց հանդիպումի մշակոյթի հորիզոնները, ուր զանազան ընկերային, տնտեսական, քաղաքական դերակատարներ կը միանան բանաձեւելու համար նոր քաղաքականութիւններ ընտանիքի ի նպաստ։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ ընտանիքը կարող չէ կղզիացած մնալ ու հարկաւոր է որ ան դուրս ելլէ ինքնիրմէ, որովհետեւ ընտանիքը կարիքը ունի երկխօսելու, ուրիշներուն  հետ հանդիպելու, կեանքի կոչելու համար  միութիւն մը որ չըլլայ միօրինակութիւն այլ յղանայ յառաջդիմութիւն եւ հասարակաց բարիք։

Նորին Սրբութիւնը ապա կարեւոր նկատեց ընտանիքներու նախահայրերու ժառանգութիւնը, յարելով թէ այդ մղելու է մեզ ոչ միայն ստեղծագործութեան արհեստավարժութեան այլեւ սրտի իմաստութիւն եւս օգտագործելու` ընտանիքին յատկացուած նախաձեռնութիւններ ստեղծելու համար։

Ւ վերջոյ Քահանայապետը  քաջալերեց ներկաները, ստեղծագործ աշխատանքով զարգացնելու նոր միջոցներ որպէսզի ընտանիքը կարենայ իր երրեակ պարտականութիւնը կատարել , ըլլայ եկեղեցական ըլլայ քաղաքական  միջավայրերէն  ներս այն է թիկունք կանգնիլ նոր սերունդին, ընկերանալ անոնց կեանքին ու դառնալ առաջնորդ ու արժէքներու վկաներ.

Հայցելով Նազարէթի Սուրբ ընտանիքի բարեխօսութիւնը, Սրբազան հայրը օրհնեց ներկաները եւ խնդրեց անոնցմէ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.