2017-06-01 12:16:00

Ոչ եւս է կարդինալ Լուպոմիր Հուսար. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 31 մայիս 2017-ին, իր հոգին աւանդեց առ Հայր, կարդինալ Լուպոմի Հուսարը։ Անոր մահով կարդինալական դասի թիւը կ՛իջնէ 221-ի, որոնցմէ 116-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ, մինչ 105-ը` որոնք 80 տարեկանը անց են,  առանց իրաւունքի։

Կարդինալ Հուսար եղած է Ուկրանիոյ Քիեւի թեմին երբեմնի աւագ Արքեպիսկոպոսը։ Ան ծնած է 26 Փետրուար 1933-ին Լվովի մէջ։ 1944-ին, Բ աշխարհամարտի օրերուն  իր ընտանիքի անդամներուն հետ միասին ապաստան կը գնտէ Աւստրիա` ապա 1949-ին անոնք կը փոխադրուին Միացեալ Նահանգներ ուր կ՛աւարտէ նախնական ուսումները իչնպէս նաեւ   իմաստասիրական ու Աստուածաբանական մասնագիտութիւնը։

Քահանայ կը ձեռնադրուի 30 մարտ 1958-ին ու կը նուիրուի դասաւանդութեան ասպարէզին ծառայութիւն մատուցելով նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ Ուքրանացիներու յատկացուած զանազան ժողովրդապետութիւններու մէջ։ 1969-ին կը փոխադրուի Հռոմ ու 24 Յունիս 1973-ին կը դառնայ Կրոթթաֆերրաթայի ուքրանացիներու վանքի Աբբահայր։

Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 1977-ի ապրիլ 2-ին եւ Ուկրանիոյ աւագ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Սլիփիյի մահէն ետք կը նշանակուի որպէս Աւագ Թեմի ընդհանուր տեղակալ։ 1993-ին ան կը վերադառնայ Լվով։ 1996-ին Ուկրանիոյ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը զինք կ՛ընտրէ որպէս Ուկրանիոյ աւագ թեմին` օգնական եպիսկոպոս եւ 2000-ին Յովհանէս Պօղոս Բ զինք կը նշանակէ թեմին առաքելական մատակարար ու յաջորդ տարին` 25 յունուար 2001-ին եպիսկոպոսական  սիւնհոդոսը զինք կ՛ընտրէ որպէս Լվովի աւագ Արքեպիսկոպոս։ 21 Փետրուար 2001-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը անոր կը շնորհէ կարդինալական աստիճանը եւ ապրիլ 2005-ին, ան կը մասնակցի Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի ընտրութեան կարդինալական վեհաժողովին։ 

Կարդինալ Հուսարի մահուան առթիւ Ֆրանչիսկոս ՍրբազանՔահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Քիեվի Աւագ Արքեպիսկոպոս` Գերերջանիկ ՍվիաթոզլաւՇեվչուքին որուն մէջ վստահեցուց իր աղօթքները անոր հոգւոյն հանգստեան համար ապա վերառաւ ննջեցեալ կարդինալին առաքելական նուիրումի ու ծառայութեան հոգին` ի սպաս ուքրանացի Յոսն Կաթողիկէհաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ անոր յանձնառումը` Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ հետ երկխօսութիւնհաստատելու­, ապա իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհեց բոլոր ուքրանացի քրիստոնեայ հասարակութեան,որպէս հաւատքի եւ յոյսի նշան Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.