Երեքշաբթի, 30 մայիս՝ առաւօտեան, Պաղտատի Պաքրախ շրջանին մէջ` Հանգստեան կոչման հարցերու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ, պայթում մը պատճառեց 8 զոհ եւ 30 վիրաւոր:
Պայթումը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամու մը, երբ պաշտօնեաները կ՛ուղղուէին իրենց աշխատանքին եւ շրջանի մը մէջ, ուր կը գտնուին կառավարական հաստատութիւն մը եւ ձկնեղէնի շուկայ մը:
Այդ պայթումէն քանի մը ժամ առաջ Պաղտատի Քարատա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն մը, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ-ը:
Անձնասպանական գործողութիւնը պատճառեց 15 զոհ եւ աւելի քան 55 վիրաւոր:
All the contents on this site are copyrighted ©. |