« Գացէք ողջ աշխարհով եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր արարածներուն : 16 Հաւատացողը պիտի մկըրտուի, իսկ չհաւատացողը պիտի դատապարտուի : 17 Ահաւասիկ նշանները որոնք պիտի ընկերանան հաւատացողներուն . իմ անունովս դեւեր պիտի արտաքսեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին , իրենց ձեռքերուն մէջ օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահաբեր թոյն խմեն պիտի չթունաւորուին: 18 Ձեռք պիտի դնեն հիւանդներու վրայ եւ ասոնք պիտի բուժուին : » ( Մար16,15-18 )
Մարդը տեւական կը փնտռէ այս հարցին պատասխանը: Տեսական բանաձեւումները, կեանքի իմաստին վերաբերեալ, չափազանց շատ են , սակայն ասով հարցին պատասխանը աւելի համոզիչ չի դառնար:
Քրիստոնեային համար կեանքի իմաստը փնտռելը տեսական խնդիր չէ, այլ՝ գործնական: Աւետարանը մեզի կ'ուսուցանէ թէ կեանքի իմաստը դրախտը չէ, այլ դրախտ տանող ճամբան։ Ո՞վ ես, ո՞ւր կ'երթաս, ի՞նչ պիտի ըլլաս: Ի՞նչ իմաստ ունի կեանքդ եւ մահդ : Ահա կ'անցնի կեանքդ, երկինքի ամպերուն նման՝ առանց ձգելու հետք: Իսկ ինչպէս բացատրել անմահանալու բնածին փափաքդ: Կա՞յ աւելի անձնական բան՝ կեանքիդ իմաստէն աւելի:
Մարդկային փափաքները անսահման են, ինչ որ յաճախ մարդուն դժբախտութեան հիմնական պատճառն է: Ուստի, Աստուած մարդուն անսահման փափաքներուն իբրեւ հակակշիռ դրաւ պատուար մը՝ որ մահն է : Եթէ Աստուած չի դներ մահը՝ մարդը կը դառնար գերի իր փափաքներուն, իսկ կեանքը՝ անիմաստ կ'ըլլար: Որքան զարմանալի է որ մահը մեր կեանքին իմաստ տայ եւ վերջ դնէ՝ մեր անսահման փափաքներուն: Մարդու փափաքները չեն ձգեր, որ ինքը դառնայ երջանիկ, եւ գիտնայ կեանքին իմաստը: Մարդը ագահ է, ան չունի բաւարարութեան գիտակցութիւնը:
Պատճառը որ մարդը երբեք չի գոհանար իր ունեցածով, այն է որ կ'ուզէ ամէն ինչ աւելիով ունենալ. ան կը մտածէ որ հիմա ժամանակն է շուրջը նայելու, եւ նոր բաներ փնտռելու եւ ստանալու: Ան պէտք է հասկնայ որ ունեցածը աւելցնելու համար կարեւոր է նախ զայն գնահատել:
Աւետարանը կը բացատրէ որ կեանքի իմաստը այն գործընթացն է, որով մարդը կը ճանչնայ ինքզինք եւ զԱստուած: Դժբախտաբար շատեր չեն փորձեր արժէք տալ իրենց կեանքին եւ կը մնան անորոշութեան մէջ: Երբ մենք կը փորձենք գիտնալ կեանքին իմաստը, յաճախ կը խճողուինք զայն բաղդատելով աշխարհի եւ հոգեւորի արդիւնքներով:
Եկեղեցի պատարագի կը մասնակցինք, յետոյ՝ առօրեայ կեանքով կը զբաղինք , եւ նոյն մեղքերը կը գործենք եւ կարծես ոչ մէկ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ պատարագ մտիկ ընելով: Այսինքն մեր հոգեւոր եւ աշխարհի կեանքին միջեւ ամուր պատնէշ մը կայ: Աստուած ամենուր է: Մեր աշխարհի կեանքին առօրեայ հարցերը լուծողն է :
Նշեցինք, որ մահը մարդուն կեանքին իմաստ եւ արժէք կու տայ, իսկ եկեղեցին կ'ըսէ որ մարդը պէտք է մեռնի գիտակցաբար, եւ փորձէ ունենալ սեփական կեանք եւ սեփական մահ:
Կեանքին իմաստը գիտնալու ճամբան նաեւ պայքարիլն է , պայքարիլ մեղքի եւ չարի դէմ: Աստուծոյ հաւատալով է միայն որ պիտի գտնես լուծումը գոյութեանդ կարեւոր հարցերուն, եւ նախ՝ կեանքիդ իմաստին: Մի կարծեր որ կեանքդ անարժէք է : Աստուած Հայրդ է . որդիին կեանքը բնաւ երբեք անօգուտ չէ հօր մը համար:
Մէկ անգամ միայն կ'անցնիս այս երկրէն. անցքդ թող չըլլայ անիմաստ: Սիրէ Աստուած եւ մերձաւորդ. մոռցիր դուն քեզ՝ ուրիշին համար, եւ քու անցաւոր կեանքդ պիտի օրհնուի Աստուծմէ եւ մարդոցմէ: Ամէն
Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան
All the contents on this site are copyrighted ©. |