2017-05-29 11:02:00

«ԱՐԻ»-ի ծրագիրէն այս տարի արդէն 33 քաղաքացի օգտուած է


«Արցախ Ռութս Ինվեսթմընթ»-ի («ԱՐԻ») ծրագիրով՝ ընթացիկ տարին Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու բնակիչներուն տրամադրուած է 33 անասնավարկ:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, զրոյցի մը ընթացքին նշած է «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէն Աշոտ Բախշիյեան՝ ընդգծելով, որ ծրագիրին համար յատկացուած է աւելի քան 41 միլիոն դրամ:

Խօսելով վերոնշեալ վարկերու պայմաններուն մասին` Բախշիյեան նշած է, որ անիկա քաղաքացիներուն կը տրամադրուի մինչեւ 5 տարի մարման ժամկէտով եւ տարեկան 6% տոկոսադրոյքով: Բացի խոշոր եւ մանր անասուններու գնումէն, ըստ Բախշիյեանի, «ԱՐԻ» ծրագիրով՝ նոյն պայմաններով՝ վարկեր կը տրամադրուին նաեւ մեղուաընտանիքներու ձեռք բերման համար:

«ԱՐԻ» կազմակերպութիւնը` Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու բնակիչներուն կու տայ մատչելի վարկեր` գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու նպատակով: Այս շրջաններու բնակիչները արդէն եօթներորդ տարին է, որ կ՝օգտուին ընկերութեան` նպատակային փոխառութեամբ տրամադրուած նիւթական միջոցներէն եւ մատչելի տոկոսադրոյքներով կը ստանան գիւղատնտեսական վարկեր, որ ուղղուած է այդ շրջաններուն մէջ անասնապահութեան եւ հողագործութեան զարգացման նպաստելուն:

Աշխատանքները կ՝իրականացուին` ԱՀ կառավարութեան հետ պայմանագիրին համաձայն, կառավարութեան երաշխաւորութեամբ ու «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ»-ին հետ համագործակցութեամբ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.