2017-05-27 13:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ճենովայի երիտասարդներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 27 Մայիս 2017-ին, Ճենովա կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն  ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ճենովայի ''Պահապան Տիրամօր'' սրբավայրին մէջ­­, հանդիպում ունեցաւ այնտեղ համախմբուած հազարաւոր երիտասարդներուն հետ, հանդիպումը սկսելով պահ անփոփումով ու Տիրամօր նուիրուած լռելեան աղօթքով։

Հանդիպման ընթացքին չորս երիտասարդներ հարցումներ ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Պապին որ ապա սրտաբուխ պատասխաններ տուաւ անոնց։

Հարցումները ուղղուած էին` երիտասարդներու առաքելութեան, երիտասարդներու նուիրուած յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, ապրուած բարեկամութեան, սիրոյ ու ամուսնական կեանքին,  ապա այժմէականութեան` պատերազմի, բռնութեան, տառապանքներուն,  գաղթականներուն, ու այս իրողութիւններուն դիմաց քրիստոնեայի դիրքորոշումի մասին։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատասխանելով հարցումներուն նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց երիտասարդներուն հետ  հանդիպելուն համար, որովհետեւ, ըսաւ Ան, ինծի կը հետաքրքրեն ձեր մտածումները, ձեր ապրելակերպը, ձեր ձգտումները, ապա անդրադարձաւ Յիսուսի հրաւէրին` որ կը նշանակէ,  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, երջանկութիւն, ուրախութիւն, զոր ոչ մէկը կարող է խլել ձեզմէ։ Ոչ թէ վաղանցուկ, մակերեսային ուրախութիւն մը, այլ մնայուն ու մնայուն ուրախութիւն մը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ ''առաքելութեան երթալ, կը նշանակէ նաեւ թոյլ տալ որ Տէրը մեզ փոխակերպէ։

Առաքելութիւնը մեզ կը մղէ սորվիլ նայիլ նոր աչքերով, որովհետեւ առաքելութեան մէջ մեր հայեացքը կը նորոգուի, առաքելական փորձառութիւնը կը բանայ միտքերն ու սրտերը եւ այսպէս` մենք կը դադրինք կեանքի զբօսաշրջիկներ ըլլալէ  ու կը դառնանք յանձնառու այրեր ու կիներ'' ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց կեանքին չնայիլ զբօսաշրջիկի աչքերով, որ այցելած վայրերը կը նկարահանէ առանց անդրադառնալու անոնց իրականութեան, ու  երբ տուն վերադառնայ կը դիտէ այդ նկարները, առանց ըմբռնելու անոնց էութիւնը։  Տարբեր է դիտել իրականութիւնը ու տարբեր է նայիլ այդ իրականութիւնը պատկերացնող նկարներուն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, դարձեալ հրաւէր ուղղելով սորվիլ դիտել, դիտել սիրտը, մօտենալու համար բազմաթիւ մարդոց սրտերուն։

Ամէնքս կարիքը ունինք Յիսուսի աւետիսին, ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով երիտասարդները ընթանալու միսիոներական ուղիին վրայ սիրելով, սիրելով մերձաւորը։ ''Ոչ մի բան կարելի է առանց սիրոյ''  ըսաւ Ֆրանչիսկս Պապը նշելով թէ ''Սէր կը նշանակէ կեանքը` պարգեւել'', ինչպէս ըրաւ Յիսուս մեզի համար։ 

 Ամէն մէկ մարդկային ծանր իրավիճակի ետին կայ յուսալքումի պատճառ մը, ասոր համար հարկաւոր է որ մենք ըլլանք յոյսի պատգամաւորներ – յարեց ապա Քահանայապետը– մեր մտքին մէջ ունենալով այն իրողութիւնը թէ Յիսուս կը գտնուի անոնց մէջ, այդ աղքատներուն, կարիքաւորներուն, թշուառներուն մէջ ապա վարուելու ենք այնպէս ինչպէս Ինք պիտի վարուեր անոնց հետ­, առանց բացառելու եւ ոչ մէկը։

Պէտք է սորվինք ներկան դիմագրաւել ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը  զգուշացնելով երիտասարդները ''անցողական'' ուրախութիւններէն ու հրաւիրելով զանոնք քաջութիւնը ունենալ փնտռելու ճշմարտութիւնը, զատորոշելու ու հասկնալու այն ինչ որ ուղղահայեաց է եւ ոչ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ անդրադարձաւ գաղթականութեան երեւոյթին ու հարցեր ուղղեց եթէ այդ երեւոյթը ու այդ երեւոյթին զօդուած իրականութիւնները եւս ուղղահայեաց են թէ չէ, ու դարձեալ հրաւէր ուղղեց քաջութեամբ նայելու իրականութեան։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց հաստատելով թէ ինք վստահ է թէ Ճենովայի երիտասարդները արի ու քաջ են եւ կարողութիւնը ունին մեծ բաներ իրագործելու։ Այս մէկը սակայն ձեզի կ՛իյնայ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով երիտասարդները ամէն օր պարզ աղօթք մը բարձրացնելու Տիրոջ` Անորմէ հայցելով քաջութիւնը համապատասխանելու առօրեայի մարտահրաւէրներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.