2017-05-27 08:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ դատապարտեց Եգիպտոսի Ղպտիներու դէմ գործադրուած ''բարբարոսական յարձակումը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Խորապէս տխուր Եգիպտոսի Ղպտիներու դէմ գործադրուած ''բարբարոսական յարձակումին'' ի լուր, որուն պատճառաւ զոհուեցան բազմաթիւ անձեր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Եգիպտոսի նախագահ Ապտ էլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիին յղեց Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլինին ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիր մը, որուն մէջ  իր աղօթքներն ու զօրակցութիւն կը յայտնէ սուգի մէջ գտնուող ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յատկապէս յիշեց ահաբեկչական արարքին թիրախ երախաները, ու բոլոր զոհերուն հոգիները յանձնեց Ամենահզօրի Ողորմութեան ապա հայցեց համայն Եգիպտացի ազգին խաղաղութիւն ու հաշտութիւն։

Յայտնենք թէ ուրբաթ 26 Մայիսի յետմիջօրէին Մինիէ նահանգին մէջ շուրջ 10 դիմակաւոր զինեալներ, կրակ բացին ղպտի ուխտաւորներ փոխադրող փոխադրակառքի մը վրայ` պատճառելով 28 զոհ եւ 25-է աւելի վիրաւորներ: Զոհերուն շարքին կան նաեւ անչափահասներ։

Այս տխուր առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը  եւս ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.