2017-05-27 09:18:00

Մայիսի յաղթանականներու տօնը Մերսրոպեանի մէջ


2017թ. Մայիսի 26-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Շուշիի ազատագրութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօները:

Վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց աշակերտուհի Ծիլա Ֆստըքճեան: Ան յիշեցուց, Մայիսը հայ ժողովուրդի յաղթանակներու ամիսն է, որովհետեւ Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարի անց՝ 28 Մայիս 1918-ին կը ստեղծուէր անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, իսկ 8 Մայիս 1992-ին, անառիկ համարուող Շուշի քաղաքի ազատագրումով կ՛ամրապնդուէր Արցախի անկախութիւնը եւ տեղւոյն հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը։

Հանդիսութեան բանախօսն էր պարոն Ռաֆֆի Աշգարեան: Ան դիտել տուաւ, որ Մայիսեան յաղթանակները հայ մարդուն վերադարձուցին իր արդար դատին եւ սեփական ուժին կառչելու համոզումը, աւելցնելով, որ միասնականութեան ոգիով հայ ժողովուրդը կրնայ իրականացնել իր բորոր երազները:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց յիշատակը Մայիսեան հերոսամարտերէն մինչեւ Շուշիի ազատագրումին ժամանակ եւ անցած տարուան Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին ինկած նահատակներուն, դիտել տալով, որ այնքան ատեն, որ հայ ժողովուրդը գիտէ ծնիլ անձնազոհ մարտիկներ՝ անոր երթը պիտի ըլլայ անկասելի եւ յաղթանակը՝ անխուսափելի:

Գեղարուեստական մասով, աշակերտներ Ճոնի Պէյլերեան եւ Կարօ Թաշճեան նուագեցին երկու կտորներ, Սինթիա Նազլիքեան ասմունքեց “Հայոց Քաջ Բանակին” քերթուածը, իսկ փակումին՝ վարժարանի երգչախումբը կատարեց “Սարդարապատ” յաղթերգը:


Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.